- ԼիբանանեանՖլեչըր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրենժիէի հետ:
17.01.2012Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ, 16 յունուար 2012-ին Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր նշեց, որ ինք լաւատես է, որ լիբանանեան բանակը 2012-ին իր գերիշխանութիւնը պիտի պարտադրէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:Կառավարութիւնը որոշեց իւրաքանչիւր զոհի տրամադրել 30 միլիոն լ. ոսկի:
17.01.2012Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյման երէկ, 16 յունուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան գումարած նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Էշրէֆիէի Ֆասսուհ շրջանին մէջ փուլ եկած շէնքին թղթածրարը եւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը: Առ այդ, կառավարութիւնը որոշեց իւրաքանչիւր զոհի տրամադրել 30 միլիոն լ. ոսկի:Լիբանանը կը ձգտի օրինական ճամբով վերադարձնել Իսրայէլի գրաւած տարածքները:
16.01.2012Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտարարած է, որ Լիբանան իրաւունք ունի օրինական ճամբով վերադարձնել Իսրայէլի կողմէ գրաւուած տարածքները: Այս մասին հաղորդած է «Արմենփրես»-ը: «Բարեփոխումներ եւ ժողովրդավարացում» միջազգային քոնֆերանսի ընթացքին, Միքաթի նշած է, որ դեռեւս Իսրայէլի տարածքին կը գտնուին լիբանանեան որոշ տարածքներ, եւ այս փաստը Իսրայէլ չընդունիր:Լիպիոյ մէջ, Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ Աշուրի հետ:
16.01.2012Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը՝ իմամ Մուսա Սատըրի զաւակը՝ Սատրէտտին Սատըր եւ շէյխ Մոհամետ Եագուպի զաւակը՝ նախկին երեսփոխան Հասան Եագուպ, շաբաթավերջին շարունակեցին լիպիացի պատասխանատուներուն հետ իրենց ունեցած հանդիպումները: Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման թղթածրարը քննարկելու շրջագիծին մէջ, Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիպիոյ արդարութեան նախարար Ալի Ահմիտա Աշուրի հետ:Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել MTV-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Էշրէֆիէի Ֆասսուհ շրջանին մէջ փուլ եկած շէնքին կապակցաբար:
16.01.2012Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել MTV-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, Կարմիր խաչն ու ապահովական ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն փրկելու համար փուլ եկած շէնքին բնակիչները: Նախարար Շարպել յայտնեց, որ դժբախտաբար լիբանանցին աղէտը պատահելէն ետք միայն կը մտածէ իր առնելիք քայլերուն մասին:Հարիրի. «Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ պիտի չըլլայ»:
16.01.2012Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համացանցային «Թուիթըր» ընկերային ցանցին մէջ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի հաւանականութիւն չկայ, որովհետեւ քաղաքական բոլոր ուժերուն ղեկավարութիւնները պատերազմին դէմ են: Ազգային երկխօսութեան մասնակցութեան ակնարկելով՝ Հարիրի յայտնեց, որ ապարդիւն է մասնակցիլ երկխօսութեան մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի չըլլայ երկրին պաշտպանութեան իմաստով ազգային որեւէ ռազմավարութեան յանգիլ:ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ, 15 յունուար 2012-ի առաւօտեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ նախագահեց ՄԱԿ-ի կազմակերպած խորհրդաժողովին:
16.01.2012ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ, 15 յունուար 2012-ի առաւօտեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ նախագահեց ՄԱԿ-ի կազմակերպած «Արաբական երկիրներուն մէջ գործադրուելիք բարեկարգումներն ու ժողովրդավարութիւնը» խորհրդաժողովին՝ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Իր խօսքին մէջ, Միքաթի մաղթեց, որ ՄԱԿ աւելի արդար ըլլայ իր որդեգրած բանաձեւերուն մէջ եւ անոնց գործադրութեան պարագային:
« Նախորդը 1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 Հաջորդ էջ »
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































