- ՍՈՒՐԻԱ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍԵՄԻ՞Ն
Իսրայէլեան ՙՏէպքա ֆայլ՚ կայքէջը, որ ծանօթ է իր իսրայէլեան եւ ամերիկեան հետախուզական կապերով, յատուկ տեղեկագիրի մը մէջ նշեց, թէ ՙսուրիական տագնապը երկու ընտրութեանց միջեւ հանգրուանային կէտի մը հասած էª կամ Արեւմտեան-արաբական թրքական յարձակում մը դիմագրաւելու, կամ ալ Ժընեւի համագումարին մեծ պետութեանց իշխանափոխութեան շուրջ համաձայնելու՚:
Կայքէջը զինուորական աղբիւրներէ քաղելով իր տեղեկութիւնները նշեց, թէ սէուտական զինեալ ուժերը Յորդանանի եւ Իրաքի սահմանը կեդրոնացած են, երկրին թագաւորին հրահանգով ահազանգային վիճակի մէջ դրուելով: Այդ ուժերը կ'ընդգըրկեն հրասայլեր, հրթիռներ
Կայքէջը կը մանրամասնէ զինուորական հաւանական զարգացումներու մասինª Յորդանանի դէմ սուրիական կամ իրանեան որեւէ թիրախ ընտրելու պարագային: Նոյն կայքը կը նշէ, թէ Ծոցի երկիրներու եւ Յորդանանի զինեալ ուժերն ալ ահազանգային վիճակի մէջ դրուած են:
Կայքը նաեւ կը յիշեցնէ, թէ Անքարան ալ իր ուժերը կը կեդրոնացնէ սուրիական սահմանին վրայ, անցեալ շաբաթ Սուրիոյ կողմէ իր ռմբակոծիչի վար առնելէն ետք: Իսկ սուրիական ՙազատ բանակ՚էն աղբիւր մը նշեց, թէ սուրիական բանակի միաւորներ կը կեդրոնանան թրքական սահմանէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, ի մասնաւորի Հալէպի հիւսիսը:
Միւս կողմէ Ռուսիա իր ափսոսանքը յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ Ժընեւի համաժոովին կարեւոր երկիրներ չեն հրաւիրուած, ինչպէս Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան, նաեւ Սուրիոյ անմիջական դրացի երկիրներըª Լիբանանը եւ Յորդանանը, ինչպէս նաեւ Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը, որ ՙօրինակելի որոշում չէ՚, ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































