- ՍԱՐՔՈԶԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՊԻՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐԷ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հայոց Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծը պիտի ստորագրէ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ <Ռոյթըրզ> գործակալութիւնը, վկայակոչելով Շանզելիզէյի պալատին իր անանուն աղբիւրը:
<Հանրապետութեան նախագահը օրէնքը պիտի վաւերացնէ սահմանուած ժամկէտին` երկու շաբթուան ընթացքին>, ըսած է նախագահական վարչակազմի ներկայացուցիչը:
Կը նշուի, որ այս ընթացքին օրինագիծի սահմանադրականութեան տեսական հնարաւորութիւն կայ: Օրինագիծի սահմանադրականութիւնը իրաւունք ունին նաեւ վիճարկելու խորհրդարանի վերին պալատի խօսնակ Ժան-Փիեռ Պէլ, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, ինչպէս նաեւ նուազագոյնը 60 խորհրդարանականներէն կազմուած խումբը: Սակայն ինչպէս կը նշեն կարգ մը լրատուամիջոցներ, նման քայլի հաւանականութիւնը չափազանց քիչ է, քանի որ օրինագիծը մշակուած է նախագահական կուսակցութեան` Ժողովրդական Շարժման Աջակցման Միութեան կողմէ եւ հետեւաբար ունի Շանզելիզէյի պալատին աջակցութիւնը: Չափազանց քիչ է նաեւ հաւանականութիւնը` օրինագիծը նախագահ Սարքոզիի կողմէ չվաւերացուելու:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,504.001 
0.761 
389.261 քլկ. արծաթ
1,176.531 օնց. ոսկի
1,778.45ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































































