- ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՔԻՒՐՏԵՐԸ ԻՐԱՐ ԿԸ ՄՕՏԵՑՆԷ
Միջին Արեւելքի քաղաքական անկայունութիւնը Թուրքիան եւ Իրաքեան Քիւրտիստանը տնտեսապէս իրար կը մօտեցնէ: Անքարան քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները կը զարգացնէ Իրաքեան Քիւրտիստանի հետ, նկատի ունենալով շրջանային զարգացումները:
Իրենց կարգին Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավարները կը նկատեն, թէ իրենց շրջանին մէջ նաֆթի արտադրութեան հեռանկարները անհրաժեշտութիւն կը ստեղծեն դաշնակիցի մը, որուն միջոցով կարենան զայն արտահանել, որ այս պարագային Թուրքիան է:
Իրաքեան Քիւրտիստանը այժմ կայուն եւ իրաքի չափանիշով բարեկեցիկ շրջան է, որ երկրին պիւտճէական տնտեսութեան 17 առ հարիւրը կը ստանայ, սակայն տեղական իշխանութիւնը կ’ըսէ, թէ հաւանակա է, որ մօտ 45 միլիառ տակարի նաֆթի պահեստ կայ հոն, որուն մեծ մասը չէ շահագործուած:
Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ գործող օտար ընկերութիւններու կէսէն աւելին թրքական են, մեծ մասամբ շինարարական, իսկ հոն ծախուող ապրանքներուն 80 առ հարւիրը թրքական արտադրութիւն են: Ներկայիս Իրաք արտածուող թրքական ապրանքներու 70 առ հարիւրը Իրաքեան Քիւրտիստան կ’երթայ, ըստ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆէր Չաղլայանի:
Այժմ երկկողմանի յարաբերութեանց զարգացման կը խոչընդոտէ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան (Փէ.Քէ.Քէ.) պայքարը Թուրքիոյ դէմ Իրաքեան Քիւրտիստանէն, որ ըստ դէտերու շատ ալ հաշտ աչքով չի դիտուիր Իրաքեան Քիւրտիստանի մեծ մասամբ աւատապետական հողատերերէ կազմուած ինքնավար կառավարութեան կողմէ, սակայն ժողովրդային գետնի վրայ մեծ է համակրանքը Փէ.Քէ.Քէ.-ի հանդէպ: Լաւատեղեակ աղբիւրներ կ’ըսեն, թէ Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարազանի լուսարձակներէն հեռու կ’աշխատի, որ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ Փէ.Քէ.Քէ.-ի միջեւ բանակցութիւնները կայանան հարցին լուծում գտնելու համար:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱԹԻՌՆԵՐԸ ՉԵՆ ԿՐՑԱԾ ՀԱՏԵԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՕԴԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔԸ
Թուրքիան թոյլ չէ տուած ֆրանսական ռազմական ինքնաթիռներուն անցնիլ իր օդային տարածքով:
Աֆղանիստանէն Ֆրանսա վերդարձող ռազմական ինքնաթիռները ստիպուած եղած են հայրենիք հասնիլ այլ երկիրներու տարածքով:
Այս մէկը կու գայ այն ծիրէն ներս, թէ նախապէս Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան յայտարարած էր Ֆրանսայի դէմ պատժամիջոցներու կիրառաման մասին, վերջինիս Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման լոյսին տակ:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































