- ՄԱՐԱՋԱԽՏ ԹԱՆԹԱՈՒԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՍՏԻՊՈՂԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ՋՆՋԷ

Եգիպտոսի զինեալ ուժերու պետ մարաջախտ Հիւսէյն Թանթաուի յայտարարեց ստիպողական վիճակին ջնջումը, ի բաց առեալ անկարգութեանց պարագային: Իրաւագէտներ անմիջապէս արձագանգեցին ըսելով, թէ այս բացառութիւնը սոյն որոշումը իմաստազուրկ կը դարձնէ:
Թանթաուի եգիպտական հեռատեսիլէն սփռուած իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ. <Ժողովուրդը իր խօսքը ըսելէ եւ իր ներկայացուցիչները ընտրելէ ետք, որոշեցի երկրին ստիպողական վիճակը չեղեալ յայտարարել, ի բաց առեալ անկարգութիւններէն>:
Նշենք, որ Եգիպտոսի մէջ ստիպողական իրավիճակը ի զօրու էր նախագահ Անուար Սատաթի սպանութենէն ի վեր, որ պատահած էր 6 Հոկտեմբեր 1981-ին: Անցեալ 11 Փետրուարին երկրին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի հրաժարականէն յետոյ, երբ զինուորականութիւնը իշխանութիւնը ստանձնեց խօսք տուաւ ստիպողական վիճակը ջնջել` երբ ապահովական պայմանները ներեն:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,504.001 
0.761 
389.261 քլկ. արծաթ
1,176.531 օնց. ոսկի
1,778.45ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































































