Zartonk

18 Մայիս

  • ԻՐԱՆԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ


    ԻՐԱՆԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

    Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւուտօղլու ըսաւ, թէ Իրանի վրայ որեւէ յարձակում ողբերգական պիտի ըլլայ եւ Իրանի աթոմական ուժանիւթի հարցին շուրջ տարակարծութիւնը կարելի է արագօրէն լուծել աւելցնելով, որ «եթէ քաղաքական զօրաւոր կամք եւ փոխադարձ վստահութիւն ըլլայ, այս հարցը քանի մը օրերու ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ լուծել: Արհեստագիտական տարակարծութիւնը մեծ չէ, հարցը փոխադարձ վստահութեան եւ քաղաքական ուժեղ կամքի մէջ է»:

     

    Տաւուտօղլու այս ելոյթը ունեցաւ Միւնիխի մէջ կայացած Ապահովութեան համագումարին, որ ապահովութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ դիւանագէտներ ի մի բերած էր: Ան աւելցուց. «Զինուորական ընտրանքը ողբերգութիւն պիտի յառաջացնէ մեր շրջանին մէջ, հետեւաբար այս ողբերգութենէն առաջ բոլորը պէտք է լրջանան բանակցութեանց մէջ: Կը ցանկանք, որ կողմերը կրկին շուտով հանդիպին, սակայն այս անգամ պէտք է ամբողջական արդիւնք ըլլայ»:

     

    Միւս կողմէ Թեհրանի մէջ Յեղափոխական Պահակագունդի փոխ-հրամանատար Հիւսէյն Սալամի յայտարարեց, թէ Իրան պիտի յարձակի որեւէ երկրի վրայ, որուն հողերը Իրանի թշնամիները կ՛օգտագործեն իր վրայ յարձակում կատարելու:

     

    Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ Իրանի դէմ զինուորական յարձակում մը անհաւանական չեն նկատեր, եթէ դիւանագիտութիւնը ձախողի տագնապը լուծելու: Նախապէս ալ Իրան յայտնած էր, թէ խիստ կերպով պիտի պատասխանէ ամերիկեան եւ իսրայէլեան որեւէ յարձակման ու Հորմուզի ջրանցքը պիտի փակէ նաւարկութեան առջեւ, եթէ Արեւմտեան երկիրները աւելի եւս տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառեն իր դէմ:





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը