- ԻՐ ԵՐԿՐԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԿՈՉ ԸՆՈՂ ԹՈՒՐՔ ԻՐԱՒԱՊԱՇՏՊԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՍՏԱՆԱԼ

Շուէտի խորհրդարանի պատգամաւորներու խումբը Նոպելեան խաղաղութեան կոմիտէ դիմած է յայտնի թուրք իրաւապաշտպան, «Պելկէ» հրատարակչութեան սեփականատէր Ռակըպ Զարաքօլուին Նոպելեան մրցանակի առաջադրելու առաջարկով:
Շուէտական պատգամաւորներու դիմումին մէջ կ՛ըսուի, որ Ռակըպ Զարաքօլուն Հայոց Ցեղասպանութեան եւ քրտական հիմնահարցի վերաբերեալ նիւթեր հրապարակած է:
Զարաքօլուն, որ Քիւրտիստանի Ընկերութիւններու Միութեան գործի շրջագիծէն ներս հսկողութեան տակ կը գտնուի, իր փաստաբանին միջոցով Թուրքիոյ խորհրդարանի ղեկավարութեան նամակ յղած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչով:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































