Zartonk

18 Մայիս

  • ԻՍՐԱՅԷԼ ՇԱՏ ՄՕՏ ԱՏԵՆԷՆ ԿՐՆԱՅ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼ ԻՐԱՆԸ, ԿԸ ԳՐԷ «ՏԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ»


    «Միացեալ Նահագներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փա֊նեթա կը կարծէ, որ Իրանի միջուկային կայաններու ուղղութեամբ Իսրայէլ, հաւանաբար հարուած կը հասցնէ Ապրիլին, Մայիսին, կամ Յունիսին», կը գրէ ամերիկեան «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» պար֊բերականի սիւնակագիր Տէյվիտ Իկնատիոս, որ Փանեթային կ՛ու֊ղեկցի Պրիւքսէլ (Փանեթան Պելճիքա կը գտնուի ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ռազմական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հան֊դիպումին մասնակցելու նպատակով) կատարած այցի ընթացքին:

     

    Փանեթա ըսած է, որ իբրեւ թէ դէպքերուն նման զարգացման հաւանականութիւնը մեծ է, քանի որ իսրայէլցիները մտավախութ֊իւն ունին, որ Իրան շուտով հիւլէական ռումբ ստեղծելու համար անհրաժեշտ քանակութեամբ ուրան կը հարստացնէ. «Անկէ յետոյ, ինչպէս իսրայէլցիները կը կարծեն, Թեհրան «դիմադրողական գօտի»ին մէջ կը յայտնուի (իսրայէլեան հարուածէն) եւ այդ ժա֊մանակ անոր կրնայ կանգնեցնել միայն Միացեալ Նահագները: Ի դէպ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չի ցանկար, որպէսզի իր երկրին ճակատագիրը կախուած ըլլայ Ամերիկայէն:

     

    Իկնատիոս շարունակելով կը գրէ, որ իսրայէլցիները կարճ, մօտ 5 օրեայ պատերազմի եւ ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման տարբերակը կը դիտարկեն: «Ի դէպ, իսրայէլցիները կը խոստովանին, որ իրանեան միջուկային ծրագիրին մեծ վնաս հասցնել կարելի չըլլար, ուստի քանի մը տարի ետք դարձեալ անհրաժեշտ կ'ըլլայ նոր հարուած հասցնել», ըսուած է հրապարակման մէջ:

     

    Սիւնակագիրը կը նշէ, որ Փանեթան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման իսրայէլցիներուն կ'ըսեն, թէ ԱՄՆ-ն դէմ է ռազմական գործողութիւններուն: «Ուաշինկթընի կարծիքով Թեհրանի նկատմամբ սահմանուած միջազգային տնտեսական պատժամիջոցները արդէն իրենց պտուղները կու տան: Ուաշինկթըն սակայն տակաւին չէ որոշած, թէ ինչպէս պիտի վարուի այն պարագային, երբ Իսրայէլը հարուած հասցնէ Իրանի միջուկային կայաններուն», կը գրէ սիւնակագիրը եւ կ'աւելցնէ,- Միացեալ նահանգներ կը փորձէ «գուշակել», թէ Իրանը այդ պարագային ինչպէս պիտի վարուի: Կ՛ենթադրուի, որ ան կրնայ հարուած հասցնել տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան զօրքերուն, ինչպէս նաեւ արգելափակել Հորմուզի նեղուցով քարիւղի առաքումը: Միացեալ Նահագներ արդէն զգուշացուցած է, թէ թոյլ պիտի չտայ, որ այդ նեղուցը փակուի: ԱՄՆ հաշուի կ՛առնէ այն պարագան, թէ այդ հակամարտութիւնը ինչպէս կ՛ազդէ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ, ըսուած է յօդուածին մէջ:

     

    Նշենք, որ Իրանի վրայ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի հնարաւոր յարձակման մասին լուրերը լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուեցան Հիւլէական Ուժանիթի Միջազգային Կազմակերպութեան (ՄԱԳԱՏԷ)` Իրանի մասին զեկոյցի հրապարակումէն ետք: Զեկոյցին մէջ կը նշուէր այն մասին, որ Իրանը «մօտ է միջուկային զէնքի ստեղծման»: Զեկոյցին հրապարակումէն ետք բրիտանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածեցին, թէ այդ յարձակումը հնարաւոր է, որ տեղի ունենայ մինչեւ 25 Դեկտեմբեր 2011ը:





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը