- ԹԵՀՐԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց« որ կ'աջակցի սուրիական ճգնաժամին` բանակցային ճամբով կարգաւորման:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ իրանեան ՙՖարս՚ լրատուական գործակալութիւնը« Սալեհի ըսաւ« որ պատրաստ է Իրանի մէջ իրականացնելու բանակցութիւնները սուրիական իշխանութիւններու եւ ընդդիմութեան միջեւ:
ՙՄենք Թուրքիոյ կոչ ըրած ենք համոզելու Սուրիան« որ Անքարայի հետ կապ ունեցող ընդդիմադիր խումբերը գան Իրան՚« ըսաւ Սալեհի` Թուրքիայէն վերադարձին:
Նախարարին խօսքերով Թեհրան թրքական իշխանութիւններուն առաջարկած է համագործակցիլ Իրանի հետ« որպէսզի իրադարձութիւնները տարածաշրջանին մէջ բնական հունով ընթանան ու կախուած չըլլան արտաքին միջամտութենէ:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































