ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՕԴՈՒԺԸ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ Կ'ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ ՍԻՆԱՅԻ ՄԷՋ
Եգիպտոսի բանակը եւ ոստիկանութիւնը լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւն կ'իրականացնեն Սինայի թերակղզիին մէջ ծանր զրահամեքենաներով եւ օդուժով: Գործողութիւնը կը կատարուի Իսրայէլի համաձայնութեամբ: Առաջին անգամ 1973-էն ի վեր« որ եգիպտական ռազմական ուղղաթիռները հրթիռային հարուածներ իրականացուցած են այդ շրջանին մէջ« ոչնչացնելով 20 յարձակողները:
Եգիպտական պարբերականի մը տուեալներովª հրասայլերը եւ ուղղաթիռները վերադարձած են ռազմակայաններ« իսկ հետեւազօրը կը շարունակէ հետապնդել գրոհայինները: Իսրայէլի հետ սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները կը յայտնեն« որ եգիպտական զինուորականները զանգուածային ստուգումներ կ'իրականացնեն բնակարաններու մէջ« փորձելով յայտնաբերել խոյս տուած գրոհայիններն ու զէնքի թաքստոցները: Այդ շրջանի բնակավայրերուն մէջ պարբերաբար հրաձգութիւն տեղի կ'ունենայ:
Ռազմական գործողութիւնը կ'իրականացուի սահմանային Քարմ Ապու Սալեմ անցակէտին վրայª գրոհայիններու արիւնալի յարձակումին ի պատասխան, որուն զոհ դարձած են 16 եգիպտացի զինուորներ:
Եգիպտական բանակային ստորաբաժանումները նաեւ ուղղաթիռներէ գնդակոծած են Շէյխ-Զուէյտ շրջանին մէջ գտնուող գրոհայինները:
Եգիպտական եւ իսրայէլեան պաշտօնատար անձինք սահմանապահներու դէմ յարձակումը կը համարեն ծայրայեղ իսլամականներու ձեռքին գործը: Եգիպտական զինուորականներու տուեալներով« ահաբեկչական խումբը բաղկացած էր 35 գրոհայիններէ« որոնց շարքին էին նաեւ Կազայի հատուածէն Եգիպտոս թափանցած պաղեստինցիներ: Այլ տեղեկութիւններու համաձայն` բոլոր գրոհայինները եգիպտացիներ էին:
Միեւնոյն ժամանակ Իսլամ Եղբայրներ շարժման ղեկավարութիւնըª եգիպտական սահմանային անցակէտերու դէմ գրոհին մէջ կը մեղադրէ իսրայէլեան հետախուզութիւնը: Իսրայէլ իր հերթին նման պնդումները անհեթեթ կ'անուանէ: