- ԲՐԻՏԱՆԻԱ 21 ՏԱՐԻՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ՍՈՄԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
Բրիտանիա 21 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Սոմալիոյ մէջ իր դեսպանը նշանակեց, որ քանդուած է քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի Քենիա կատարած անակնկալ այցելութեան ընթացքին:
Քենիոյ մայրաքաղաք Նայրոպիի մէջ լոյս տեսած Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ Հէյկ կ՛ըսէ, թէ Մաթ Պօ իբր Բրիտանիոյ նոր դեսպանը Սոմալիոյ մէջ նախագահ Շարիֆ Շէյխ Ահմատին իր հաւատարմագրերը ներկայացուց:
Քենիոյ մօտ Բրիտանիոյ դեսպանատան խօսնակը յայտնեց, թէ «Սոմալիոյ մէջ 21 տարիներէ ի վեր Բրիտանիոյ առաջին դեսպանն է, որ կը նշանակուի» յստակացնելով, թէ «ան առ այժմ ապահովական պատճառներով Քենիա պիտի մնայ»:
ՊԱՂՏԱՏԻ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՌՄԲԱՀԱՐՄԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՄԱՀԱՎՃԻՌ
Իրաքեան գերագոյն դատարանը հաստատեց մահավճիռի որոշումը, Պաղտատի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ռմբահարման եւ հարիւրաւորներու մահուան պատճառ դարձած Ալ քայիտայի պատկանող տարրերու դէմ:
Իրաքի դատաւորներու բարձրագոյն խորհուրդի պաշտօնական բանբեր Ապտէլսադդար Պայրաքտար ըսաւ, թէ դատարանը հաստատեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ պայթումը գործադրողներուն դէմ մահավճիռը, որոնք Ալ Քայիտայի պատկանող Իրաքի Իսլամական Պետութիւն կազմակերպութեան երեք անդամներ են:
Իրաքի արդարադատութեան նախարար Հասան Ալ Շամրի ըսաւ, թէ իր նախարարութիւնը անդրդուելի է ոճրագործները պատժելու գծով, որոնք անմեղ իրաքցիներու արիւնը կը հոսեցնեն:
Նշենք, որ մահապատիժի գործադրումը Իրաքի մէջ սառեցուած էր Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին անկումէն ետք, սակայն աւելի ուշ վերահաստատուած էր, որպէսզի յարանուանական եւ այլ տեսակի բռնութեանց գործադրողները պատժուին:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































