Zartonk

18 Մայիս

  • Միջազգային

    Սարքոզի նոր օրինագիծ պիտի ներկայացնէ:
    02.02.2012
    ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող նոր օրինագիծ պիտի ներկայացնէ, եթէ Ֆրանսայի դատական գերագոյն մարմինը մերժէ Ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրինագիծը:


    Ֆրանսայի նախագահը նախազգուշացուցած է:
    02.02.2012
    Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի նախազգուշացուցած է, որ եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը չեղեալ նկատուի, ապա Ողջակիզումի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ դիմում պիտի ներկայացուի:


    Ֆրանսայի նախագահը դժգոհութիւն արտայայտած է:
    02.02.2012
    Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի դժգոհութիւն արտայայտած է ֆրանսացի ծերակուտականներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը վիճարկելու համար Սահմանադրական խորհուրդ դիմելու առնչութեամբ:


    ԱՄՆ-ու եւ Վրաստանի նախագահները մանրամասն քննած են Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները:
    01.02.2012
    ԱՄՆ-ու եւ Վրաստանի նախագահներ Սահակաշվիլի եւ Օպամա 30 յունուարին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին մանրամասն քննած են Ռուսաստանի հետ կապուած հարցերը: Այդ մասին այսօր, 1 փետրուարին յայտարարած է Վրաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Գէորգի Պոքերիան: «Ի հարկէ մանրամասն քննարկուած են Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու հետ կապուած հարցերը: Հնարաւոր չէ խուսափիլ այն իրավիճակէն, որուն մէջ կը գտնուի Վրաստանը եւ ԱՄՆ-ու կողմէ Վրաստանին տրամադրուող օգնութեան պայմաններէն», ըսած է ան:


    Էրտողան. Յոյսով եմ, որ Ֆրանսան իր արժէքներուն յարիր որոշում կը կայացնէ:
    01.02.2012
    Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նահանգային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ հանդիպումի ընթացքին, խօսած է նաեւ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկման թեմային: Թրքական Hurriyet-ի փոխանցումով, Էրտողան նշած է, թէ խօսքի եւ մտքի ազատութիւնը սահմանափակող այդ օրինագիծը կը վնասէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն եւ Ֆրանսայի արժէքային համակարգին մէջ մեծ վէրքեր կը բանայ: «Յոյսով եմ, որ Ֆրանսայի Սամանադրական խորհուրդը ողջախոհ վերաբերում ցոյց կու տայ Ֆրանսայի արժէքներուն եւ Եւրոպայի սկզբունքներուն հակառակ չի գործեր», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:


    Թուրքիան այլեւս չ՛աջակցիր «Նապուքօ» նախագիծին:
    01.02.2012
    Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Անգարան որոշած է դադրեցնել «Նապուքօ» կազային նախագիծին իր «ամբողջական» աջակցութիւնը, եւ այսուհետեւ իրեն համար առաջնահերթութիւն կը համարէ «Անդրանատոլիական կազատար» նախագիծը:


    «Ապահովութեան խորհուրդը երբեք Սուրիոյ մէջ զինուորական որեւէ միջամտութիւն պիտի չվաւերացնէ, ես այդ մէկը կ՛երաշխաւորեմ», ըսաւ Լաւրով:
    01.02.2012
    Մինչ իր ամերիկացի, բրիտանացի եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցները Նիւ Եորք կը գտնուէին, ապահովական նիստէն բացակայող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ մէջ զինուորական որեւէ միջամտութիւն պիտի չվաւերացնէ՝ աւելցնելով, որ «ես այդ մէկը կ՛երաշխաւորեմ»:


    «Եթէ Ֆրանսան ինքզինք կը յարգէ, պէտք է Մինսքի խմբակի կազմէն դուրս գայ», ըսած է Քըլըճ:
    01.02.2012
    Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ յայտնած է, որ Փարիզ առայժմ ոչ թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ միջնորդ է, այլ՝ «հակամարտող երկիրներէն մէկուն աջակցող կողմ»: «Իսկ ատիկա որեւէ միջնորդական դիւանագիտութեան մէջ անթոյլատրելի է», ընդգծած է ան: Մօտ օրէն Թուրքիա ԵԱՀԿ-ի, ինչպէս նաեւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ միջնորդական առաքելութեան կազմին մէջ Ֆրանսայի գործունէութեան դադրեցման հարցը պիտի բարձրացնէ: «Մենք աշխատանք պիտի տանինք այդ ուղղութեամբ: Եթէ Ֆրանսան ինքզինք կը յարգէ, պէտք է Մինսքի խմբակի կազմէն դուրս գայ», ըսած է Քըլըճ:


    Հուլուսի Քըլըճ. Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումով Ֆրանսա իր անարդար դիրքորոշումը ցոյց տուաւ:
    01.02.2012
    Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումով Ֆրանսա իր անարդար դիրքորոշումը ցոյց տուաւ: Քըլըճ աւելցուցած է, որ Փարիզ առայժմ ոչ թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ միջնորդ է, այլ՝ «հակամարտող երկիրներէն մէկուն աջակցող կողմ»: «Իսկ ատիկա որեւէ միջնորդական դիւանագիտութեան մէջ անթոյլատրելի է», ընդգծած է ան:


    Թուրքիան Քաթարի ղեկավարութենէն միլիառներով տոլար առած է՝ Սուրիոյ համար խնդիրներ ստեղծելու նպատակով:
    01.02.2012
    Իրանի կրօնական առաջնորդի ռազմական հարցերու խորհրդական ժեներալ Եահիա Ռահիմ Սաֆավին յայտարարած է, որ Սուրիոյ համար խնդիրներ ստեղծելու նպատակով, Թուրքիան Քաթարի ղեկավարութենէն մեծ գումարներ առած է: Սաֆավին խստօրէն քննադատած է Թուրքիան եւ որոշ արաբական երկիրներ՝ Սուրիոյ նկատմամբ ունեցած իրենց դիրքորոշման համար, եւ նշած է, որ այդ երկիրները Դամասկոսի դէմ նման վարք կը ցուցաբերեն ԱՄՆ-ու ճնշումներուն տակ:


    « Նախորդը 1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 Հաջորդ էջ »


  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը