Zartonk

18 Մայիս

  • Միջազգային

    Եմէնի մէջ սպաննուած են «Ալ Քաիտա»-ի տասնեակ ապստամբներ:
    01.02.2012
    Եմէնի հարաւը սպաննուած են «Ալ Քաիտա» ահաբեկչական կազմակերպութեան 15 ապստամբներ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով արաբական aljadeed.com-ը, ինքնաթիռները յարձակած են Եմէնի հարաւը գտնուող Ապհինի շրջանի Լաուտեր քաղաքի արեւելեան հատուածին վրայ: Լրատուամիջոցները տեղեկացուցած են, որ սպանուածներէն 4-ը «Ալ Քաիտա»-ի ղեկավարներէն են:


    Եւրոմիութիւնը անհանգստացած է Իրանի մէջ լրագրողներու նկատմամբ կիրարկուող հալածանքներէն:
    01.02.2012
    Եւրոմիութիւնը անհանգստացած է Իրանի մէջ լրագրողներու նկատմամբ կիրարկուող հալածանքներէն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, յայտարարած է ԵՄ-ի դիւանագիտութեան ղեկավար Քեթրին Էշթընը: ԵՄ-ի դիւանագիտութեան ղեկավարը կոչ ուղղած է Իրանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ ազատել վերջին շաբաթներուն անվտանգութեան ուժերու կողմէ ձերբակալուած լրագրողները:


    Վալերի Պուայէն մինչեւ վերջ պիտի պայքարի իր առաջարկած օրինագիծին համար:
    01.02.2012
    Օտար ժխտողական պետութեան կողմէ ճնշումը պէտք չէ խանգարէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Ֆրանսայի մեծութեան դրսեւորման համար: Այս մասին այրտայայտուած է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն: «Ես մեծ տխրութեամբ ընդունեցի օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ տեղափոխելու մասին լուրը, սակայն կ՛ընդունիմ, որ անիկա իմ գործընկերներուս իրաւունքն է», գրած է Պուայէն «ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ:


    Թուրք պատգամաւորը Սաքոզին կը հրաւիրէ իր հետ Արտահանէն կառքով մեկնիլ Հայաստան:
    01.02.2012
    Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութեան պատգամաւոր Էնսար Օղութը մեկնած է Հայաստանի հետ սահմանակից Արտահանի նահանգին մէջ գտնուող Չըլտըր լիճ, եւ նոյն վայրէն դիմած է Սարքոզիին: Թրքական Milliyet-ի փոխանցումով, թուրք պատգամաւորը Սարքոզիին դիմելով «Այս լեռներուն այն կողմը Հայաստանն է: 1918-էն սկսեալ, մենք հայերուն հետ հարեւան ենք եւ խաղաղութեան ու եղբայրութեան մէջ կ՛ապրինք: Այնպիսի բարեկամութիւն կայ, որ նոյնիսկ մեր սահմանին փշաթել չկայ: Եկո՛ւր, այստեղէն նստինք կառք եւ մեկնինք Հայաստան եւ այնտեղ տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս մենք կ՛ապրինք մեր հայ բարեկամներուն հետ»:


    Հիլտա Չոպոյեան. Ֆրանսացի որոշ ծերակուտականներ Թուրքիոյ ազդեցութեան տակ են:
    01.02.2012
    Ֆրանսացի այն ծերակուտականները, որոնք ստորագրած են Սահմանադրական խորհուրդ ուղարկուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ դիմումը, Թուրքիոյ ազդեցութեան տակ են: Այս մասին News.am-ի թղթակիցին յայտնած է տարածաշրջանային պատգամաւոր Հիլտա Չոպոյեանը: Իր խօսքով, այս դիմումը կը վկայէ Ֆրանսայի ներքաղաքական կեանքին վրայ՝ Թուրքիոյ ազդեցութեան մասին: «Թուրքիոյ դեսպանը անձամբ նամակով դիմած է օրինագիծին դէմ քուէարկած բոլոր ծերակուտականներուն՝ կոչ ընելով հաւաքել անհրաժեշտ թիւով ստորագրութիւններ՝ Սահմանադրական խորհուրդ դիմելու համար», ըսած է Չոպոյեան՝ աւելցնելով, որ այդ դիմումը անբնական է եւ թրքական ազդեցութեան արդիւնք է:


    Սուրիական ընդդիմութիւնը երաշխիքներ կու տայ Ռուսիոյ
    31.01.2012
    Սուրիացի ընդդիմադիր առաջնորդ Պուրհան Ղալիուն մամլոյ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը երաշխիքներ տուած է Ռուսիոյ` Սուրիոյ մէջ իր զինուորական կայաններու պահպանման վերաբերեալ:


    Լավրով Կը Հաւաստէ
    31.01.2012
    Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Ս. Լավրով հաւաստեց, որ Ապահովութեան Խորհուրդը որեւէ ժամանակ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն լիազօրող որոշում պիտի չընդունի:


    ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կը Քննարկէ Սուրիոյ Շուրջ Արաբական-Արեւմտեան Բանաձեւը
    31.01.2012
    ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր այսօրուան նիստին կը քննարկէ Սուրիոյ շուրջ արաբական-արեւմտեան բանաձեւը: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի մեկնեցան Նիւ Եորք` Սուրիոյ հարցով արաբական նոր նախաձեռնութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու համար:


    Ճէմիլ Չիչէք. ԼՂ Հիմնախնդիրի Լուծման Գործով Իսլամական Երկիրները Պէտք է Միաւորուին.
    31.01.2012
    Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Ճէմիլ Չիչէք յայտարարած է, թէ իբր «Ատրպէյճանի գրաւուած» տարածքները ազատագրելու եւ ատրպէյճանցի փախստականներուն վերադարձը «Հայրենի հողեր» ապահովելու համար անհրաժեշտ է հզօրացնել միջազգային ճնշումը Հայաստանի վրայ: Չիչէք նաեւ նշած է, թէ ԼՂ հիմնախնդիրի, ինչպէս նաեւ իսլամական երկիրներուն առնչուող այլ հակամարտութիւններու լուծման գործին մէջ իսլամական երկիրները պէտք է միաւորուին:


    Սահմանադրական խորհուրդին դիմելը կրնայ կասեցնել օրէնքի ուժ դառնալու գործընթացը:
    31.01.2012
    Սահմանադրական խորհուրդը կրնայ անվաւեր համարել ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ հակասահմանադրական կը համարուի, եթէ իրեն դիմած են 60 պատգամաւոր, 60 ծերակուտական, պետութեան ղեկավարը, Ազգային ժողովի կամ ծերակոյտի նախագահը: Սահմանադրական խորհուրդին դիմելը կը կասեցնէ օրէնքի ուժ դառնալու գործընթացը:


    « Նախորդը 1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 Հաջորդ էջ »


  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը