Zartonk

18 Մայիս

  • ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ


    Մանկավարժական հոգեբանութիւնը մաս կը կազմէ համաշխրհային հոգեբանութեան բնագաւառին, որ կ՛ուսումնասիրէ նպատակամէտ մանկավարժական գործունէութեան պայմաններուն մէջ յառաջացած հոգեբանական երեւոյթները, կը մշակէ ուսուցման եւ դաստիարակութեան հոգեբանական հիմունքները:

    Մանկավարութեան ուսումնասիրութեան համար առաւել բնորոշ է փորձառութեան մեթոտը, այսինքն փոփոխութիւններու ուսումնասիրութիւնը, որոնք տեղի կ՛ունենան երախային հոգեկան կառուցուածքին մէջ:

    Սիկին Սիլվի Գուրամաճեան-Գասապեան որպէս հոգեբան իր երկարամեայ գործնական փորձառութենէն օգտուելով այս սիւնակով մեզի պիտի տրամադրէ զանազան նիւթեր, որոնք դրականօրէն պիտի նպաստեն երախայի դաստիարակման աշխարհին մէջ:

    ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

     Մարդու ներքինը կը նմանի կապոյտ ու պայծառ երկինքի մը իր մանկութեան օրերուն, որ օրէ օր, ամիսէ ամիս, տարուէ տարի, նայած փորձառութիւնները որքանով ազդած կ՛ըլլան դրական կամ ժխտական` իր հոգեկան վիճակին, եւ խանգարած իր զգացական հաւասարակշռութիւնը կամ վիրաւորած իր արժանապատուութիւնը, եւ մինչեւ իսկ պատճառ կրնան դարձած ըլլալ ինքնավստահութիւնը կորսնցնելու, որուն հետեւանքով այդ կապոյտ երկինքը կրնայ լեցուիլ մութ ամպերով, որոնք կը ծածկեն այդ բիւրեղ երեւոյթը:

    Ժան Ժագ Ռուսօ իր շատ հռչակաւոր պատգամը երբ փոխանցեց` «մարդը բնածին անմեղ է, բայց միջավայրն է, որ զինք չար կը դարձնէ», նկատի ունեցած էր, թէ այդ պայծառ երկինքը մարդու ներքինը ըլլալով, երբ ծածկուած է խաւար ամպերով, որոնք մարդու բարդոյթներն են, ինքնապաշտպանութեան պատճառաւ կ՛ունենայ ժխտողական վարուելակերպ ուրիշներու հանդէպ եւ առանց բացասական փորձառութիւնները նկատի ունենալու` զինք կը դատեն իբր վատ նկարագրի տէր անձնաւորութիւն մը:

    Մեր մանուկները մեր ապագայ սերունդն են, որոնց հետ հաղորդակցութեամբ բոլոր հարցերը կարելի է հարթել, նախքան բարդանալը եւ խնդիրի պատճառ դառնալը ապագային:

    ՍԻԼՎԻ ԳՈՒՐԱՄԱՃԵԱՆ-ԳԱՍԱՊԵԱՆ

     

     





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը