Zartonk

18 Մայիս

  • ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ


    ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ

    «Առաքինի կեանքը ապրելաձեւ է, որով մարդ կրնայ ճանչնալ Աստուծոյ եւ սիրել Զինք», կ՛ըսէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Ս. Եպիսկոպոս Նալպանտեան: Ստորեւ ան կը պատասխանէ առաջադրուած հարցումներուն:

    Հ.- Օրէ օր մարդկութիւնը աւելի կ՛արագացնէ իր կործանումը: Աստուած մարդոցմէ կը պահանջէ ապրիլ առաքինի եւ անբասիր վարքով: Ինչպէ՞ս դիմակայել այդ փորձութիւնները եւ ապրիլ Աստուծոյ կամքով:

    Պ.- Այսօր զարգացած հազարամեակին մէջ, ականատես ենք բարոյազրկութեան, այլասերութեան եւ հոգեկործան արարքներու քարոզարշաւին: Դժբախտաբար համատարած աշխարհայնացման անուան տակ, իբրեւ ազատութիւն կը հրամցուին բարոյազուրկ արժէքներ: Ամօթի զգացումը, որ կը զսպէր մարդը այսօր չընդունիր, որովհետեւ կը յայտարարէ, թէ իւրաքանչիւրը կրնայ ընել այնինչ որ կը փափաքի: Անշուշտ ազատ ըլլալու գաղափարը նոր չէ, ան դրուած է նաեւ քրիստոնէական հաւատքի եւ Սուրբ Գիրքի հիմքին մէջ: Ազատ ըլլալ կը նշանակէ յարգել դիմացինին իրաւունքները: Այլասիրութեան բարոյազրկութեան փորձութիւններու առջեւ կանգնած է ամբողջ մարդկութիւնը, որուն ալ այդ ամէնը կը ներկայացուի ամենաբարձր մակարդակով եւ ամենաժամանակակից միջոցներով: Այսօր մարդիկ կը փորձեն գտնել եւ սահմանել միասնական արժէքներ, մինչ առաջնայինը հիմնական եւ մնայուն արժէքներն են: Ընտանիքի, դպրոցի եւ յատկապէս եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնը մեծ է այս լուրջ խնդիրին մէջ: Եկեղեցին պէտք է մարդու հոգիին մէջ դրոշմէ այն քրիստոնէական գաղափարները եւ սկզբունքները, որոնք դժբախտաբար գովազդներու այս աշխարհին մէջ կ՛անտեսուին:

    Հ.- Աստուծոյ ճանչնալով եւ սիրելով հնարաւոր է առաքինի գործեր կատարել: Կարելի՞ է ըսել, թէ առաքինի կրնան ըլլալ միայն քրիստոնեաները:

    Պ.- Առաքինի կեանքը միշտ գովելի ու օրինակելի է բոլորին համար: Այդպիսի կեանքով ապրող մարդը ինքնին աստուածավախ է եւ աստուածապաշտ: Առաքինի կեանքը ապրելաձեւ է, որով մարդ կրնայ ճանչնալ Աստուծոյ եւ սիրել Զինք: Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած սէրը եւ նուիրումը կ՛արտայայտուի այն սիրով եւ ծառայութեամբ, որ կայ դիմացինին հանդէպ: Սա առաքինի գործեր կատարելու հիմնաքարն է, որ պայմանաւորուած է մեր հաւատքի սկզբունքներով: Քրիստոնեաներու համար կարեւոր է առաքինի կեանքով եւ գործերով ապրիլը:

    Հ.- Առաքինի ըլլալ կը նշանակէ ոմանցմէ աւելի՞ ըլլալ:

    Պ.- Անշուշտ, սա Աւետարանի հիմնական պատգամն է: Պէտք է կարենանք հոգիի եւ հաւատքի այնպիսի արմատներ ունենալ, որ սիրենք նաեւ մեր թշնամին: «Լերան Քարոզ»ին մէջ Յիսուս պատուիրեց մեր Երկնաւոր Հօր պէս կատարեալ ըլլալ: Առաքինի մարդիկ պէտք է հպարտ ըլլան (դրական իմաստով), որ պարտաւորեցնող է:

    Հ.Կրնա՞նք ըսել, թէ առաքինութիւնը Աստուծմէ տրուած շնորհ է:

    Պ. Երբ կարենամ առաքինութեամբ ապրիլ, կը դրսեւորեմ ծառայասէր, քրիստոնէավայել վարք եւ սէր կը տածեմ ծանօթին ու անծանօթին հանդէպ, ուրեմն այս ճամբով իմ մէջս Աստուծոյ կ՛ունենամ: Առաքինութիւնը Աստուծմէ տրուած շնորհ է: Պատահական չէ, որ Պօղոս առաքեալը շնորհներուն մէջ կը թուարկէ նաեւ առաքինութիւնը: Ըլլալով մկրտուած քրիստոնեայ` Սուրբ Հոգիի Դրոշմով կը ստանան այդ շնորհքը` ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆԸ:

    ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵՄԻ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը