- Ընկերային էջ. ՎԱԽԴ ԻՐԵՆ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՄՕՏԵՑՆԷ ՔԵԶԻ
ՎԱԽԴ ԻՐԵՆ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՄՕՏԵՑՆԷ ՔԵԶԻ

Երբ աղջիկ մը փորձէ հարցերը մէկ քայլ դէպի առջեւ մղել իր եւ այր մարդու միջեւ, ան կրնայ սրամիտ ձեւ մը յղանալ զինք իր ընկերակցութեամբ սինեմա հրաւիրելու` միասնաբար վախազ֊դու ֆիլմ մը դիտելու կամ խաղավայր այ֊ցե֊լե֊լու, ուր վախ յա֊ռաջացնող խա֊ղա֊ձե֊ւեր գոյութիւն ունին: Տղամարդը երբ զգայ աղջկան վախը, անոր մօտ մէկ կողմէն կ’ար֊թըննայ զինք պաշտ֊պանելու ազնուու֊թեան ոգին, իսկ միւս կողմէ անոր մօտ կը բարձրանայ ատրենալին հորմոնին տոկոսը, այս֊պի֊սով իր մօտ աւելնալով աղջկան փաթթուելու խանդավառութիւնը, որ զիրենք աւելի մօտ կը զգացնէ:
Հետեւաբար որպէս կին արարած, մի տատամսիր պէտք եղած պարագային վախդ արտայայտելէ եւ թոյլ տուր, որ ան նոյնպէս այդ զգայ, սակայն սերտուած եւ անկեղծ մօտեցումով:
ՆԵՐԴԱՇՆԱԿԵԼ ՆԻՒԹԵՂԷՆ ԵՒ ՈԳԵՂԷՆ ԿԵԱՆՔԸ

Ոչ ոք մեզմէ կը պահանջէ լրիւ ան֊տեսել նիւթեղէն կեանքը` մենք մեզ նուիրելու համար միմիայն խոկումի եւ աղօթքի, ինչպէս որ կատարած են կարգ մը միսթիք (խորհրդաւոր) մարդիկ եւ ճգնաւորներ, որոնք կ’ուզէին աշխարհէն փախչիլ, անոր փորձութիւններէն եւ դժուարութիւններէն: Բայց միայն նիւթե֊ղէն մտահոգութիւններով թոյլ տալ տարուիլ, ինչպէս որ կ’ընեն ընդհանրա֊պէս մարդիկ, նոյնպէս լաւ չէ: Բոլորս ալ պէտք է կարենանք աշխատիլ, նիւթա֊կան ապահովել, ամուսնանալ, ընտանիք կազմել, յաջողութիւններ արձանագրել, բայց միեւնոյն ատեն ունենալ լոյս մը, աշխատանքի մեթոտներ` յառաջանալու համար բարեշրջումի ճամբուն վրայ:
Հարցը յարմար աստիճանի բերելն է` ոգեղէն կողմը եւ նիւթական կողմը: Ըլլալ աշխարհի մէջ եւ միեւնոյն ատեն կարենալ ապրիլ երկնային կեանք մը: Այս պէտք է ըլլայ մեր նպատակը: Անշուշտ դժուար է, որովհետեւ մենք մեծամասնութեամբ այնպիսի հանգրուա֊նի մը մէջ ենք, ուր եթէ նետուինք ոգեղէն աշխարհ, կը վտանգենք մեր գործերը, իսկ եթէ կարգաւորենք մեր գործերը, կը լքենք ոգեղէն կեանքը: Բայց երկուքն ալ անհրաժեշտ են եւ կրնանք անոնց հասնիլ:
Ինչպէ՞ս. նախ որեւէ բանի սկսելէ առաջ պէտք է մենք մեզի ըսենք. ՙԵս լոյսը կը փնտռեմ, արդեօք պիտի ունենա՞մ զայն այս կամ այն գործը ընելով՚: Պէտք է լաւ մտածենք եւ երբ տեսնենք, որ այսինչ մտահոգութիւնը կամ այնինչ գործունէութիւնը մեզի կը հեռացնէ մեր իտէալէն, մէկդի պէտք է ձգենք զանոնք:
ԼՈՒՍԻՆԻ ՎՐԱՅ ՍԱՌՈՅՑ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ ՇՐՋԱՆՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԻԼ ԲՆԱԿԵԼԻ ԿԱՅԱՆՆԵՐ ՀԻՄՆԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ
Լուսինին այն շրջանները, ուր սառոյց յայտնաբերուած է, կրնայ օգտագործուիլ բնակելի կայաններու ստեղծման նպատակով:
ՙԱյսպիսի շրջանները սկզբունքօրէն յարմար են լուսնային կա֊յան֊ներու ստեղծման համար, ուր կրնան տեղադրուիլ հեռադիտակներ կամ ռատիօ դիտակներ, տիեզերական ճառագայթներու արձա֊նագ֊րու֊թեան սարքեր՚, ըսած է Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակա֊դեմիայի Տիեզերական Հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Լեւ Զելէոնի:
Ինչպէս կը յայտնէ ՙԻնթըրֆաքս՚ գործակալութիւնը գիտնականը նշած է, որ ապագային այդ լուսնային շրջաններուն մէջ կարելի է տե֊ղակայել աստղադիտարան` շարք մը ռատիօ-աստղագիտական երե֊ւոյթներու դիտարկման համար, քանի որ Երկրին վրայ այսպիսի հետազօտութիւններու իրականացումը դժուար իրագործելի է:
Անոր խօսքով լաւագոյն պարագային այսպիսի աստղադիտարան մը կը ստեղծուի 2040-2050-ական թուականներուն, իսկ յառաջիկայ տարիներուն կը ծրագրուի բնակելի կայաններու վայրը ընտրել:
ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԶՈՅԳԻՆ ՀԱՄԱՐ ՕԳՏԱԿԱՐ Է

Ամուսնութեան ամրութեան եւ երկարատեւութեան համար պէտք է շաբաթը մէկ անգամ վիճիլ, խորհուրդ կու տան հնդիկ հոգեբանները:
Անոնք յատուկ ուսումնասիրած են ամուսնացած զոյգերու կենսակերպը եւ յանգած են այն եզրակացութեան, որ անոնցմէ 44 առ հարիւրը վստահ է, որ վէճերը կ’օգնեն աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունենալու համար:
ՙShaadi.com՚-ի աշխատակիցներու եւ ՙIMRB՚ վերլու֊ծական գործակա֊լութեան հետազօ֊տութիւնները ցոյց տուած են, որ վէճե֊րը կը վերացնեն ճնշուածութիւնը եւ դրական ազդե֊ցութիւն կ’ունենան տան մթնոլորտին վրայ, ի տարբերու֊թիւն այն պարագա֊ներուն, երբ զոյգե֊րէն ամէն մէկը կը պարփակուի իր մէջ եւ չ’արտայայտեր զգա֊ցումները:
Մինեսոթայի համալսարանի գիտնականներէն մէկը կ’ընդգծէ, որ վերը նշուածը չի նշանակեր, թէ պէտք է համակերպիլ վէճերուն հետ. պէտք չէ մոռնալ, որ վէճերը կրնան յանգեցնել նաեւ ամուսնալու֊ծութեան:
Յարաբերութիւններու յստակացումը կրնայ շատ օգտակար ըլլալ, բայց այդ ընթացքին ոչ մէկը ապահովագրուած է վիրաւորական խօսքերէն: Կարեւոր չէ, թէ ինչու մարդիկ կը զայրանան, կարեւորը այն է, թէ անոնք ինչպէս կը յաղթահարեն ստեղծուած իրավիճակը:
Որոշ մասնագէտներ կը փաստեն, որ երախաներուն առջեւ վէճերու լուծումը այդքան ալ վատ չէ, եթէ մարդիկ կը լուծեն իրենց խնդիրները, այդպիսով անոնք ցոյց կու տան` ինչպէս դուրս գալ բախումային իրավիճակներէն: Կարեւորը խօսակցութիւնը չսկսիլ վիրաւորանքներով:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































