Zartonk

18 Մայիս

  • Առողջապահական Էջ


    ԱՐՔԱՅԱԽՆՁՈՐԻ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

     

    Արքայախնձորը, որ ՙանանաս՚ անունով ճանչցուած է, Պրազիլիոյ բազմամեայ բոյսերէն մէկն է, որուն մէջ կը գտնենք զանազան առող֊ջապահական սնուցիչներ:Արքայախնձորի 86 առ հարիւրը ջուր է:Ստորեւ կը ներկայացնենք Արքայախնձորի նպաստած հրաշքները.

     

    Արեան ճնշումի նուազում ¬ Արեան ճնշումի ընթացքին մարմնի բջիջները երակներու պատերուն դէմ ուժ կը գործեն եւ անհանգստութիւն ու յա֊տուկ ուշադրութիւն չդարձը֊նելու պարագային, նոյնիսկ վտանգաւոր ազդեցութիւն կրնայ պատճառել:Նման անհաճոյ երեւոյթներէ խուսա֊փելու համար պէտք է մարմ֊նին մեծ քանակով փոթասիոմ եւ քիչ մըն ալ սոտիոմ հայ֊թայ֊թել:Արքայախնձորը լա֊ւագոյն ուտելիքներէն մէկը կը հանդիսանայ արեան ճնշումի վտան֊գէն ձերբազատուելու համար, որովհետեւ անոր մէջ կը գտնենք պէտք եղած սնուցիչները, որոնք արեան բնական եւ առողջ շրջումը կþապա֊հովեն:Պէտք է նաեւ յիշել, թէ մէկ գաւաթ արքայախնձորը մօտաւոր 1 միլլիկրամ սոտիում եւ 195 միլլիկրամ փոթասիում կը պարունակէ:

     

    Կշիռքի նուազում ¬ Արքայախնձոր ուտելը զանազան շաքարեղէն֊ներու եւ այլ անուշեղէններու պէտքն ու ցանկութիւնը կը յագեցնէ, շնորհիւ անոր մէջ գտնուող առողջապահական շաքարներու, որոնք վնասակար շաքարներու աղբիւրները կրնան փոխառինել:Միեւնոյն ժամանակ ձեր սնունդին մէջ շատ արքայախնձոր գործածելով ընդ֊հանուր ուտելիքը կը նուազեցնէք, որովհետեւ արքայախնձորը կուշտ կը պահէ ստամոքսը, առիթ չի տար անօթութեան զգացումի առանց որեւէ աւելորդ գիրութիւն պատճառելու:

     

    Աչքի առողջութիւն ¬ ժամանակակից գիտական ուսումնասիրու֊թիւններն ու բժշկական հետազօտութիւնները ապացուցեցին, թէ արքայախնձորը, հակաօքսիտանդներով հարուստ ըլլալու շնորհիւ աչքի առողջապահութիւնը կը պահպանէ:Հիանալի պտուղ մըն է սննդականոնի հետեւողներու համար:

     

    Հիւանդութիւններէ փրկում ¬ Արքայախնձորը սնուցիչ C ¬ով հա֊րուստ ըլլալու պատճառով անհրաժեշտ ուտելիք մը դարձած է մեր սննդամթերքին մէջ:Այս սնուցիչը իր կարգին մարմնի դէմ գործող եւ վնաս հասցնող քիմիական յատկութիւններու դէմ կը պայքարի:Այս վնասակար մասնիկները չքակուելու եւ չլուծուելու պարագային կրնան սրտի հիւանդութիւններ, շաքարախտ եւ տարբեր տեսակի քաղցկեղ պատճառել:Միեւնոյն ժամանակ, այս սնուցիչը մարմնի պաշտպանողական համակարգը կը զօրացնէ յատկապէս կրիբի դէմ:

     

    Մաշկի գեղեցկութիւն ¬ Արքայախնձորը զանազան տեսակի սնուցիչներ կը պարունակէ, որոնց օգուտներէն մէկը կը դրսեւորուի մաշկի փայլքի, մորթի մէջ գոյացող ջուրի քանակին եւ կնճիռներու անհետացման ընդմէջէն:

     

    Ատամներու մաքրութիւն եւ ճերմակութիւն ¬  Արքայախնձորի այլ օգուտներէն կը յիշենք նաեւ լինտերու ինչպէս նաեւ ակռաներու կայուն յարոյցն ու առողջապահութիւնը:Անոր պարունակած յատ֊կութիւնները ակռաներու շուրջը կապող դեղնուցները կը մաքրէ:

     

    Մարսողական դիւրութիւն ¬ Արքայախնձորը մանրաթելերով հա֊րուտ բոյս մըն է, այս մանրաթելերը մեր մարսողական համակարգը կը զօրացնեն, միեւնոյն ժամանակ աղիքներու հանգստութեան կը նպաստեն:Ան փորի պնդութենէ եւ անհանդարտ աղիքային շարժում֊ներէ կը փրկէ մեզ:

     

     

    ՀԻՆԳ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ԱՆՀԱՏԻ ՄԸ ԽԵԼԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ

    ԵՒ ՈՒՂԵՂԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ...

     

    Ինչպէս մարմնի այլ անդամներն ու համակարգերը, անհատի մը ուղեղը նոյնպէս շարունակական աշխատանքի եւ շարժումի պէտքը ունի`առողջ եւ կայուն մնալու համար:Եթէ անոր գործածումը աւելցնենք, լաւ եւ մշակելի ձեւով, մտածողութեան եւ կեդրոնացումի գործընթացը ինքնաբերաբար կը բարելաւի:

     

    Կը ներկայացնենք հինգ միջոցներ, որոնց շնորհիւ անհատ մը կրնայ իր ուղեղին աշխատանքը բարելաւել:

     

    Հեռատեսիլի հետեւողութիւնը դադրեցնել ¬ Շատեր հեռատեսիլի հանդէպ մոլութիւն որդեգրած են:Հարցը այն է, թէ հեռատեսիլը ուղեղի աճման որեւէ առաւելութիւն չի գործեր:Դիտելու ընթացքին անհատի մը ուղեղը որեւէ ձեւով չի մարզուիր եւ նոյնիսկ չի հան֊գըս֊տանար:Կարծէք մկանի մը կառոյցը կը տկարացնէք առանց անոր ուժէն օգտուելու:Յոգնած չէ՞ք զգար մի քանի ժամ հեռատե֊սիլ դիտելէ ետք:Ձեր աչքերը երկար ժամանակ լոյսի մէկ աղբիւրի մը վրայ կեդրոնա֊նալէ մեծապէս կը վնասուին, որմէ ետք նոյնիսկ գիրք մը կարդալու կարողութիւնը չէք ունենար:Ջանացէք այս նստո֊ղական աշխատանքը ընթեր֊ցելով կամ երաժշտութիւն մտիկ ընելով փոխարինել:Երբ ձեր ընտա֊նիքին հետ նստած ըլլաք ջանացէք իրար հետ համա֊գործակցութեամբ զբաղիլ եւ ոչ թէ հեռատեսիլին յանձնուիլ:Հեռա֊տեսիլը երբեք ուղեղի հանգստութիւն չպատճառեր:

     

    Մարմնամարզանք ¬ Գիրք մը կարդալու նման մտա֊մարզանքը կրնայ օգտակար դառնալ անհատի մը առող֊ջապահութիւնը պահ֊պանելու համար:Մարմինը գործածելով ձեր ուղեղը մաքուր կը պա֊հէք եւ դրական հոգեկան ուժ կը ստեղծէք:Մարմնամարզանքէ ետք աւելի դիւրութեամբ կը կեդրոնանաք:

     

    Հետաքրքրական գիրքեր կարդալ ¬ հետեւեցէք այն գիրքերուն, որոնք միտքի աշխատանքը կը խթանեն:Մտածելու եւ գրելու գոր֊ծընթացը բարելաւելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը ընթերցողութիւնն է:Հետաքրքրական գիրքերը կրնան նոյնիսկ կեանքի հանդէպ ձեր կեցուածքը փոխել:

     

    Կանուխ քնանալ...Կանուխ արթնալ ¬ քունի պակասը անհան֊գըս֊տու֊թեան հիմնական պատճառներէն մէկն է:Պէտք է ջանաք օրական առնուազն 8 ժամ քնանալ`մարմնի կորսնցուցած ուժը վերականգ֊նելու համար:Եթէ կարողութիւնը ունենաք օրուան ընթացքին փոր֊ձեցէք 10-էն 20 վայրկեան հանգստանալ, աւելի երկար ժամանա֊կա֊միջոց մը կրնայ գլխու ցաւ եւ թուլութիւն պատճառել վերակենդա֊նացնելու փոխարէն:

     

    Վայրկեան մը մտածել ¬ Յաճախ աճապարանքի մէջ ըլլալով մեր մարմնին Ֆիզիքական եւ հոգեբանական պէտքերը կը մոռնանք:Ուշադրութեան ժամանակամիջոցը հետզհետէ կը պակսի, որովհետեւ մտազբաղ եւ դրդող մտահոգութիւնները անսահման ու անկաշկանդ դարձած են:

     

     

    ՋՂԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

     

    Ջղայնութիւնը անհատի մը առողջապա֊հութիւնը խաթարող փորձանքներէն մէկն է, որմէ փրկուելու համար կը նախատեսուի մարմնի փոփոխութիւններուն ուշադրութիւն դարձնել:Օրինակի համար պէտք է ջանանք մեր մարմնին անբնական շարժումները կանոնաւորել:Շատեր մտածելէ առաջ կը սկսին անհաւասարակշռուած շարժումներ ցուցաբերել:Մարմնի տաքութեան դարձեալ ուշադրութիւն դարձուցէք, ջանացէք պէտք եղածին չափ հանդարտ մնալ եւ զգոյշ:Միեւ֊նոյն ժամանակ շնչառութեան եւ սրտի տրո֊փումներուն զգոյշ եղէք անհաճելի խոյանք֊ներէ փրկուելու համար:

     

    պատրաստեց`ԴԱԼԱՐ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը