- ՆՇՄԱՐ. ՄԵՐ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթավերջին Լոնտոնէն յղուած հեռագրալուրով մը, ֆրանսական մամլոյ գործակալութիւնը կը հաղորդէր հետեւեալ լուրը.
Բրիտանիոյ ուժանիւթի նախարար Քրիս Հիուն հրաժարեցաւ այն բանէն ետք, երբ իրեն տեղեկացուեցաւ, թէ քրէական ամբաստանութիւն կը դիմագրաւէ որովհետեւ խուսափած է կրել իր ինքնաշարժը արագութեամբ վարելու օրինախախտում մը: Սակայն ան խոստացաւ փաստել իր անմեղութիւնը:
Ընդհանուր դատախազութեան տնօրէն Քէյր Սթարմըր յայտնեց, թէ Հիուն եւ անոր նախկին կինը` Վիքի Փրայս պիտի դիմագրաւեն արդարութեան ընթացքը շեղելու ամբաստանութիւններ այն դէպքին պատճառով, որ կÿենթադրուի, թէ պատահած է 2003 թուականին: Անոնք դատարան պիտի ներկայանան ընթացիկ Փետրուար ամսուան 16-ին:
Լոնտոնի իր յարկաբաժինին առջեւ լրագրողներուն խօսելով նախարարը ըսաւ, թէ ՙընդհանուր դատախազութեան մարմինին որոշումը խիստ ցաւալի է...ես անմեղ եմ իմ դէմ եղած ամբաստանութիւններէն եւ կը մտադրեմ զանոնք դիմագրաւել դատարաններուն մէջ: Ես վստահ եմ, որ երդուեալները (դատարանի) հետս համամիտ պիտի ըլլան անմեղութեանս շուրջ՚:
Ապա ան աւելցնելով ըսաւ. ՙՊաշտօնական պատասխանատուութիւններէս կամ դատարանին մէջ պաշտպանութենէս որեւէ խուսափումէ հեռու մնալու նպատակով, կը հրաժարիմ պաշտօնէս՚:
***
Այս լուրը կարդալէ ետք զարմացայ, որ այսպիսի ՙաննշան՚ դէպքի մը հետեւանքով նախարար մը կը հրաժարի ՙմեծ՚ նկատուած երկիրներէն մէկուն` Բրիտանիոյ մէջ: Ինծի պէս շատ-շատեր, մանաւանդ Լիբանանի, Հայաստանի եւ այսպէս կոչուած թերաճ երկիրներու մէջ կը զարմանան, թէ պետական մեծ պաշտօն ունեցող պատասխանատու մը կը հրաժարի՞ այսպիսի ՙփոքր եւ անկարեւոր՚ դէպքի մը պատճառով: Մենք վարժուած ենք ականատես ըլլալու կամ լսելու շատ աւելի ծանրակշիռ ու մեծ դէպքերու, որոնց մէջ խնդրոյ առարկայ անձերը կամ պատասխանատուները, պետական թէ այլ մարզերու մէջ, ոչ միայն չեն հրաժարիր իրենց պաշտօնէն, այլ կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, թէ իրենք աւելիով կը կառչին իրենց վստահուած պաշտօններուն եւ կÿաշխատին յաւելեալ շահեր ապահովել իրենց արարքներէն, մանաւանդ դրամական մարզին մէջ, ուր երբեմն գումարները երեւակայութենէ վեր կ'ըլլան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի անունները առանձնացուցինք, որովհետեւ անոնք ուրիշ երկիրներէ աւելի կը հետաքրքրեն մեզ: Մեր աչքերով չենք տեսած, սակայն քանիցս լսած ենք իւրացումներու մասին, որոնք կը կատարուին երկու երկիրներուն մէջ պետական թէ անհատական մարզերուն մէջ, եւ ամէնէն կարեւորն ու ահաւորը, այդ արարքներուն հեղինակները կը մնան անպարտ ու անմեղ, կարծէք ապտակի մը կամ ձրիաբար գաւաթ մը խմիչք կոնծելու մասին է հարցը: Եւ դարձեալ ցաւալիօրէն անոնք կարծէք կը քաջալերուին իրենց արարքներուն մէջ նկատելով, որ պատասխանատուութեան չեն կանչուիր կամ հաշիւ չի պահանջուիր իրենցմէ:
Արաբական խօսակցական լեզուով` ուալաու, կÿարժէ՞ ինքնաշարժը արագ վարելու համար պատժել նախարար մը: Քաւ լիցի: Թերեւս ՙվարձքդ կատար՚ պէտք է ըսել անոր:
Ահաւասիկ տարբերութիւնը մեր եւ ուրիշներուն միջեւ: Անոնց մօտ, որքան ալ բարձր ըլլայ օրինազանցին պաշտօնը, ան արդարութեան առջեւ ներկայանալու կը կանչուի: Իսկ մեր մօտ... կարիքը չկայ ըսելու, բոլորն ալ գիտեն, թէ մեր մօտ ինչեր կրնան ընել մարդիկ:
Զ.Տ.
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































