Zartonk

18 Մայիս

  • 2012- Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԻԿԱՑԱԾ ՅՈՒՆՈՒԱՐԸ


    Աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն մէջ նախկինին պէս այլեւս դադարներ չեն նկատուիր եւ ամանորեայ արձակուրդներուն երանելի շրջանը կամաց-կամաց պատմութիւն կը դառնայ: Այն արագութիւնը, որ իր զարգացման արդի շրջանին մարդկութեան պարտադրած է ամէն օր աւելի ու աւելի աճող գիտական-ճարտարագիտական յեղափոխութիւնը, արդէն կը բացառէ ճամբու կիսուն հանգստանալու, շունչ քաշելու, կամ առաւել եւս  ուժերը վերադասաւորելու համար տրուող ժամանակի առկայութիւնը:  Ընթացիկ տարուան Յունուարը ըսուածին լաւագոյն ապացոյցն է: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա.ի ամանորեայ եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով հնչեցուցած արժանապատիւ, զուսպ, բայց նաեւ քաղաքականացուած բարեմաղթանքներուն արձագանգները դեռ չմարած, հայ քաղաքական միտքն ու մտաւոր ներուժը ներգրաւուեցան քաղաքական  կտրուկ զարգացող գործընթացներու մէջ:

     

    Տրամաբանօրէն աճապարող եւ  թրքական կողմի բարձրացուցած վայնասունէն վերջնականապէս յոգնած, ֆրանսական քաղաքական վերնախաւը անսպասելի արագ ու նպատակասլաց վերջակէտ դրաւ  իրենց երկրի տարածքին Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէական հանցագործութիւն որակելու  օրինագիծին: Վերջակէտ կ՛ըսենք, որովհետեւ  այն ինչ որ դեռ պիտի կատարուի այդ ուղղութեամբ,  արարողակարգային  եւ կարելի է ըսել ձեւական բնոյթ ունեցող երեւոյթներ են: Դժուար է նոյնիսկ պատկերացնել, որ Ֆրանսայի նախագահը կը յապաղի ստորագրել մեզի համար  խիստ շահեկան այդ փաստաթուղթը, սակայն եթէ չստորագրէ իսկ, եղածը լի ու լի բաւարար է, որովհետեւ իրենց կողմէ բարդագոյն ու անլուծելի կարծուած քրտական հարցը շոշափելու պարագային ալ, Թուրքիան ու Թուրքիոյ քաղաքական արբանեակները այդքան ջղաձիգ ու անկազմակերպ չէին եղած, որքան որ եղան խնդրոյ առարկայ ֆրանսական օրինագիծին հաստատման պարագային...:

     

    23 Յունուարին երբ թրքական իշխանական վերնախաւը տենդոտ ջղաձգութեամբ կը հետեւէր ֆրանսական Ծերակոյտին մէջ կատարուող զարգացումներուն, նոյն այդ օրը Ռուսաստանի Սոչի քաղաքին մէջ այդ երկրի Նախագահ Մետվետեւի, Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումն էր: Քաղաքական առումով այդ հանդիպումը Արցախի շուրջ տարուող բանակցութիւններու մէջ որեւէ տեսակի առաջընթաց չէր ակնկալեր ու հանդիպումէն շատ առաջ քաղաքական գրեթէ բոլոր վերլուծաբանները հաստատումներ ըրած էին այդ մասին: Ի վերջոյ այդպէս ալ եղաւ եւ այդ հանդիպումը Ռուսաստանի գործող նախագահին համար վերջինը ըլլալէ բացի, այդպէս ալ որեւէ կարեւոր որոշում չարձանագրեց, թրքական իշխանական վերնախաւը բարկացնելէ զատ:

     

    Բարկացուց տրամաբանութեան առումով շատ անհեթեթ, բայց իրենց համար բաւական լուրջ պատճառաբանութեամբ` իրենց կրտսեր եղբայր Ազրպէյճանը Հայաստանի նախագահին հետ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստած էր ճիշդ այն ատեն, երբ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հայոց Ցեղասպանութեան  ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը կը վաւերացնէր:  «Մեծ եղբայր» Թուրքիան սակայն մոռցած էր անհերքելի ճշմարտութիւն մը: Այն, որ քաղաքականութիւնը հեքիաթ չէ բնաւ, եւ օրինաչափութիւն ալ չէ, որ հեքիաթներու օրինակով կրտսեր եղբայրը ամենախելացին ու գործնականը ըլլայ...:

     

    Ազրպէյճանի իշխանութիւնները իրենց բացայայտ քաղաքական տգիտութեամբ չյապաղեցան հաստատել ասիկա, երբ աւագ եղբօր բարկութիւնը մեղմելու միտումով իրենց ռատիոկայաններու տնօրէնները փութացին յայտարարել, թէ այսուհետեւ իրենք պիտի արգիլեն ֆրանսական երաժշտութիւն ձայնասփռել եւ օրինագիծին ընդունումէն ետք ալ, Ֆրանսան իբր թէ այլեւս չի կրնար իր  անկողմնակալ ներկայութիւը ապահովել «ղարաբաղեան հակամարտութեան» միջնորդութեան գործընթացներուն մէջ: Ի յաւելումն այս բոլորի, ազրպէյճանցիները նաեւ առաջարկեցին, որ Թուրքիան «արցախեան հարցին շուրջ տեղի ունեցող քննար֊կումներուն» լիիրաւ մասնակիցը դառնայ...: (Ականջդ կանչէ Էրազմ Ռոթերտամցի, քու անմահ  «Գովք Յիմարութեան» ստեղծագոր֊ծութեամբդ):

     

    Պարբերաբար հնչող այսօրինակ ցնորամտութիւնները մեզի համար թէեւ նորութիւն չեն, սակայն լուրջ անակնկալ եղան մարդկային ճշմարիտ արժէքներ գնահատող եւ ժողովրդա֊վարութիւնը դաւանանք համարող շատ ու շատ քաղաքական գոր֊ծիչներու համար: Պէտք է հաստատել, որ թուրք-ազերիական գործելաոճը աւելի  բացայայտեց իրենց վրայ ծանրացած պատ֊մա֊կան  պատասխանատուութիւնը եւ թերեւս ալ ա՛յդ է պատճառը, որ  համաշխարհային լրատուամիջոցները այլեւս նախկին ուժգնու֊թեամբ չեն անդրադառնար Թուրքիոյ կողմէ  հնչող բանականութեան հրաւիրող ձայներուն, բան մը, որ դեռ շաբաթ մը առաջ կ՛ընէին: Անշուշտ ասիկա ցաւով կ՛ըսենք, որովհետեւ ի թիւս ազա֊տա֊կանութիւնը  իրենց միակ ուղենիշը համարող շատ մը լրատուա֊միջոցներու, «Զարթօնք»-ը եւս իր երախտիքի խօսքը ըսած է «ասիա֊կան խաւարի բանտերէն»  մերթ ընդ մերթ հնչող բանականութեան ձայներուն մասին: Դժբախտաբար իրենց երկիրներուն այսօրուան  մարտավարութիւնը անոնց համար աւելին ընելու կարելիութիւնները կը բացառէ` ամէն բան զգացական դաշտէն ակնթարթօրէն տեղափոխելով  զգացական զեղումներ չհանդուրժող  գործնապաշտ դաշտ:

     

    Նկատի առնելով բազմիցս հաստատուած այն իրողությունը, որ քաղաքականութեան մէջ ոչինչ պատահական է` մեզի համար շահեկան «զուգադիպութիւն» մը եւս արձանագրենք: Յունուարը  տարածաշրջանային քաղաքականութեան մէջ Մետվետեւ-Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումէն, ֆրանսական Ծերակոյտին պատմական որոշումէն, Իրանի Նախագահ Ահմատինեճատի  երեւանեան  յայտարարութիւններէն զատ նշանաւորուեցաւ նաեւ Հայոց Բանակի քսանամեայ յոբելեանին փառահեղ տօնակա֊տարութիւններով: Արդարեւ` վերջին տարիներուն դժուար է յիշել հայկական հանրային հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուած ծրագիր մը, որ այդքան բերկրանքի ու հպարտութեան առիթ տար: Անշուշտ որոշ զգացական սայթաքումներ եղան, թէ ֆրանսայի կառավարութեան շնորհակալիքի ուղերձներ յղելու եւ թէ հեռուս֊տաեթերի ընթացքին, բայց քանի որ մեծ հաշուով քաղաքա֊կանութեան հետ կապ չունէին,  ուստի առ այժմ չ՛արժեր ատոնց վրայ կեդրո֊նանալ, մանաւանդ ինչպէս որ հաստատեցինք, քաղաքա֊կանութիւնը զգացականութիւն չի հանդուրժեր այլեւս:

     

    Արդէն զգացականութեան ժամանակ  ալ չկայ, քանի որ քաղաքական թէժ Յունուարին յաջորդելու պիտի գայ ակնյայտօրէն աւելի թէժ Փետրուարը, որովհետեւ գերմանական Պունտեսթակի (խորհրդարան) մէջ սկսած են լրջանալ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու շուրջ ծաւալող բանավէճերը... որովհետեւ աշխարհաքաղաքական գերտէրութիւններու գերհզօր ռազմանաւերը ամէնեւին ալ պէտք չէ շփոթել տարածաշրջանին մէջ դիրքաւորուած զբօսանաւերուն հետ... որովհետեւ քաղաքա֊կանութեան այբուբենը նոր իւրացնել սկսող անփորձի մը համար ալ յստակ է, որ խնդիրը իրանեան միջուկային զէնքի կարծեցեալ առկայութիւնը չէ միայն... որովհետեւ մարդկութեան մէկ երրորդը կազմող Չինաստանը եւ Հնդկաստանը կը հրաժարին  Իրանի նկատմամբ ծրագրուող պատժամիջոցներուն միանալ... դեռ աւելին անոնք կը յայտարարեն, որ աւելի պիտի զարգացնեն Իրանի հետ իրենց առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւնները, ընդ որում փոխադարձ հաշուարկները կատարելով միմիայն ոսկիով, այդպիսով դուրս մղելով տոլարն ու եւրոն...:

     

      Ինչեւէ` պէտք է սպասել, սակայն ոչ թէ կայարաններու մէջ ուր որ է ժամանող շոգեկառքին սպասող ուղեւորի հանգիստ անտար֊բերութեամբ, այլ գնացքավարի կամ առնուազն սլաքավարի յանձ֊նառութեամբ: Ասիկա ցանկութիւն կամ կանխատեսում չէ, այլ իրո֊ղութիւն ու մարտահրաւէր է միաժամանակ...:    

     

     

    ԷՏՈՒԱՐՏ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը