- Առողջապահական Էջ. ՈՒԺԻ ԽՄԵԼԻՔՆԵՐՈՒ... ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ
Ֆրանսայի մէջ երիտասարդ մարզիկ մը խաղի մը մասնակցելու նպատակով պէտք եղած պատրաստութիւնները կը կատարէ:Ան մարմնամարզանքներու կը հետեւի, ուժ տուող խմիչք մը կը խմէ եւ ապա կþանցնի դաշտ, ուր ան յանկարծակիօրէն կը մահանայ:Հե֊տագային որոշ ուսումնասիրութիւններէ ետք կը յայտնաբերուի, թէ մահուան պատճառը ուժ տուող խմիչքն է:Ան ՙՐէտ Պուլ՚ էր,ուժի նպաստող խմիչք մը,որուն հիմնական յատկութիւններէն մէկը գա֊ֆէյինն է,իսկ միւսը շաքարը:
Այսպիսի եւ այլ նման դէպքերու հետեւանքով Ֆրանսան ՙՐէտ Պուլ՚ի վաճառքը արգիլեց:Այս երեւոյթը միակը չէր, որ Ֆրանսայի մէջ յայտնաբերուեցաւ նկատի ունենալով, թէ ՙՐէտ Պուլ՚ի պարու֊նակած գաֆէյինի բարձր մակարդակը բաւական այլ վտանգաւոր դէպքեր արձանագրած է ուրիշ երկիրներու մէջ:
Ան այդ կապոյտ թուղթով ծպտուած շիշն է,որ Աւստրիոյ եւ Թայ֊լան֊տի մէջ կը պատրաստուի:Շուէտի մէջ արդէն իսկ երեք մեռեալ եղած են:Առաջին երկուքը ՙՐէտ Պուլ՚ը ալգոլով խառնելու,իսկ երրորդը մարմնամարզանքէ ետք զայն խմելու հետեւանքով:
ՙՐէտ Պուլ՚ի շիշին մէջ կը գտնուի մօտաւոր 80 միլլիկրամ գա֊ֆէյին 8.2 աունսի մէջ, որ առողջ անհատի մը մարմնին պահանջքէն շատ աւելի է:Մինչ կազային խմելիքներու մէջ կը գտնենք մօտաւոր 34 միլլիկրամ գաՖէյին իւրա֊քան֊չիւր 16 աունսի մէջ:Այսինքն ուժի նպաստող խմիչքները կազային խմիչքներէնª գաՖէյինի կրկ֊նապատիկ քանակը կը պարու֊նակեն:
Երբ անհատ մը գաՖէյին գործածէ անոր կեդրոնացումը կը զօրանայ:Սակայն երբ անոր օգտագործումը դադրեցնէ զա֊նազան ախտերէ տառապելու կը սկսի:ԳաՖէյինը թմրեցուցիչներէ նուազ պէտք չէ դասակարգենք եւ զայն գործածելու ընթացքին պէտք է զգոյշ ըլլանք:Բարձր մակարդակ գաՖէյին գործածե֊լու պա֊րագային սրտի տրոփումները կը շատնան եւ ան բնական կանոնա֊ւորուած գործընթացէն կը սկսի շեղիլ:
2000 թուականին,Ֆրանսական կառավարութիւնը կը պատրաս֊տը֊ւէր ՙՐէտ Պուլ՚ի վաճառքը կանխարգիլող օրէնք մը հրապարակելու նկատի ունենալով, թէ ան մարզական 18 տարեկան մարզիկուհիի մը մահ պատճառած է:Կը յիշուի, թէ սոյն անձը մարմնամարզանքի դասընթացքէ մը ետք չորս շիշ խմելէ յետոյ անմիջապէս մահացած է:Սակայն 8 տարի ետք ՙՐէտ Պուլ՚ի վաճառքը դարձեալ արտօնուե֊ցաւ:
Ուժ տրամադրող խմիչքները ալգոլի եւ ծխախոտի նման վնասա֊կար են:Անգլիոյ մէջ մանկավարժուհի մը,առտուները ուժ տուող խմիչքներ խմող երիտասարդներու յատուկ պատիժներ յանձ֊նարա֊րեց պարզելով, թէ երբ այս խմիչքներու գործածումը դադրեցաւ,աշա֊կերտները աւելի զուսպ գտնուեցան դասարանէն ներս եւ նուազ ա֊ն֊կարգութիւն ըրին:
Ըստ ուսումնասիրութիւններու այսպիսի խմիչքներ գործածող հիմ֊նական դասակարգը երիտասարդ աշակերտներն են:Անոնք այս ուժի աղբիւրին կը վստահին` գիշերային ժամերուն եւ յաջորդ օրուան ըն֊թաց֊քին աւելի աշխոյժ ըլլալու համար:Աշակերտները կարծէք մոլու֊թիւն ունեցած են այս խմիչքներուն հանդէպ եւ անկարող են զանոնք լքելու:
ՃՆՇՈՒՄԷ ՁԵՐԲԱԶԱՏԵԼՈՒ
ՅԱՐՄԱՐԱԳՈՅՆ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԸ
Այսօրուան իրար անցած մթնոլորտին մէջ ճնշումը բնական երե֊ւոյթ֊ներէն մէկը դարձած է:Պէտք է ջանանք յարմարագոյն միջոցները որդեգրել անոր անհաճելի հետքերէն խուսափելու համար:Հետեւեալ ուտելիքներու շարքը սոյն նպատակին կը նպաստէ:
Նուշ ¬ Նուշը սնուցիչ B¬ով,E¬ով եւ մակնիզիումով հարուստ է,որ իր կարգին մարմնի ՙսերօթոնին՚ հորմոնին մակարդակը կը կարգա֊ւորէ եւ ապա տրամադրութիւնը կը բարելաւէ ու ճնշումին պատճառած ախտերը կþանհետացնէ:Սակայն պէտք է նաեւ յիշել, թէ նուշին մէջ կը գտնենք բարձր քանակի իւղեր,որոնք կրնան հանգստութեան փո֊խարէն գիրութիւն պատճառել:Ուստի անոր գործածութեան հաւա֊սարակշռութեան մէջ կը գոյանայ գաղտնիքը:
Ձուկ ¬ Ձուկը նոյնպէս սնուցիչ B¬ով հարուստ աղբիւր մըն է,անոր մէջ կը գտնենք յատկապէս սնուցիչ B¬6 եւ B¬12,որոնք ճնշումի դէմ պայքարող հիմնական յատկութիւններէն են:
Սուշի ¬ Սուշին ձկնային ճաշերէն մէկը կը նկատուի:Անոր մէջ կը գտնենք սնուցիչ B եւ մակնիզիում,ինչպէս նաեւ ՙբանդո֊դէնիք՚ թթուի մեծ քանակ մը,որ ատրենալինի գեղձը կը զօրացնէ:Այս գեղձերը անհրաժեշտ դերակատա֊րութիւն ունին յատկապէս ճնշումի հետ֊քերը կանխե֊լու համար:
Պրոգոլի ¬ Պրոգոլին ոչ միայն ճանչցուած է քաղցկեղի դէմ պայքարելու կարողութեան` այլ նաեւ հռչակաւոր դարձած է ճնշումի դէմ կանգնելու համար շնորհիւ ՙֆոլիք՚ թթուի,որ մարմնի ցաւերէ եւ ջղային անհանգստութենէ կը փրկէ մեզ:
Շաքանակագոյն բրինձ եւ մաքարոն ¬ Բրինձի եւ մաքարոնի մէջ գտնուող ածխաջուրերը մարմնի ՙսերոթոնին՚ հորմոնի քանակը կը շատցնեն եւ ապա հանգստութիւն կը պատճառեն:Պարզ կեղւուած բրինձը կարճ տեւողութեամբ ուժ կը մատուցէ մարմնին մինչ կեղեւո֊վը աւելի երկար:Միեւնոյն ժամանակ պարզ ածխաջուրերը կշիռքի յաւելում կը պատճառեն մինչ կեղեւովը աւելի դիւրամարս եւ առող֊ջապահական է:
Կաթ ¬ Կաթն ու պանիրները սնուցիչ B¬ի աղբիւր կը նկատուին, որ անհրաժեշտ է անհատի մը տրամադրութիւնը բարելաւելու համար:
Մսեղէն ¬ Մսեղէն֊ները յաճախ սնու֊ցիչ B¬ի,զինքի եւ երկաթի աղբիւր են:Պէտք է նաեւ յիշել, թէ անոնք ճար֊պե֊րու որոշ քանակ մըն ալ կը պարու֊նակեն եւ ուստի ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք անոնց գործածման:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































