23 Յունուար 2012-ը պատմական օր մը եղաւ հայութեան համար: Այն օր Ֆրանսայի Ծերակոյտը որդեգրեց ցեղասպանութիւններու, ընդ որում Հայոց Ցեղասպանութեան, ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
4 եւ 5 Փետրուարին Գիտութիւններու ՙԱրարատ՚ Միջազգային Ակադեմիան, որուն հիմնադիր-նախագահն է բժիշկ Յակոբ Գրքիաշարեան, Փարիզի մէջ կը նախաձեռնէ միջազգային 5րդ գիտաժողովի մը, որ նաեւ յոբելինական է: