- ԻՐԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ Կ’ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅ, Կ’ԸՍԵՆ ՓՈՐՁԱԳԷՏՆԵՐ
Հայ եւ ռուս քաղաքագէտները կը կարծեն, որ Իրանի դէմ պատերազմի սկսելէն ետք առաջինը պիտի տուժէ Հայաստանը:
Թէ հայ եւ թէ ռուս քաղաքագէտները գրեթէ համոզուած են, որ եթէ Իրանի դէմ պատերազմ սկսի` Ազրպէյճան պիտի փորձէ օգտուիլ առիթէն: Այս հարցը անոնք քննարկեցին լրագրողներու հետ հանդիպման կազմակերպուած տեսակամուրջին միջոցով:
ՙՌազմական մեծ գործողութիւնները Իրանի շուրջ անկայունութիւն կը յառաջացնեն հարեւան բոլոր երկիրներուն մէջ: Ան կրնայ տարածաշրջանի համար աղէտալի ըլլալ: Սակայն ամերիկացիները առանձին նման քայլի չեն դիմեր: Անոնք կը հասկնան, որ գործողութեան յաջողութիւնը կախուած է համագործակից երկիրներու քանակէն: Իրանի նկատմամբ յարձակումի պարագային հնարաւոր է Ազրպէյճան երթայ պատերազմական քայլերու դիմէ՚, ըսաւ Քաղաքական Իրավիճակի Կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն, Կասպիական Համագործակցութեան Հիմնարկի գլխաւոր տնօրէն Սերկէյ Միխիեւ:
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան եւս համոզուած է, որ Իրանի նկատմամբ ռազմական գործողութիւնները առաջին հերթին կ’անդրադառնան Հայաստանի վրայ:
ՙՆախ այն պատճառով, որ մենք հարեւան երկրներ ենք եւ սահմանը կը փակուի: Այստեղ յառաջ կու գայ նաեւ փախստականներու խնդիրները: Ռազմական գործողութիւններու պարագային Ազրպէյճան հնարաւոր է օգտուի իրավիճակէն եւ ղարաբաղեան հարցը փորձէ պատերազմի միջոցով լուծել: Մենք պէտք չէ թոյլցնենք մեր դիրքերը՚, ըսաւ ան:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































