- ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱՆԴԱԾ ԵՆ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՏՈՒՌԸ , ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՍԻ.ԷՆ.ԷՆ. ԹՈՒՐՔԸ
Թուրքերը քանդած են Մալաթիա քաղաքի հայկական գերեզմանատան մէջ գտնուող մատուռը: Այս մասին կը յայտնէ ՙՍի.Էն.Էն. Թուրք՚ը նշելով,որ ճանապարհային աշխատանքներուն ժամանակ մասամբ քանդուած էր հայկական գերեզամանատան մէջ գտնուող մատուռը:
Ըստ աղբիւրին Մալաթիացի Հայերու Միութիւնը (HAYDER) որոշած էր վերականգնել մատուռը,որուն համար Մալաթիոյ քաղաքպետը բանաւոր թոյլտուութիւն տուած էր:Վերակառուցման աշխատանքները սկսած էին երեք ամիսներ առաջª Թուրքիոյ մէջ յայտնի ճարտարապետ Գէորգ Օզքարագէօզի կողմէ:Գործը վերջինիս վստահած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը:
Մալաթիոյ քաղաքապետարանը սակայն հարիւրաւոր բողոքներ ստացած է տեղի բնակչութենէն,որոնք կը բողոքեն,թէ ՙնոր կառոյցն ու անոր շինարարութիւնը կը խանգարեն մօտակայքը ապրողները՚:
Քաղաքապետարանը բնակիչներու հետ միասին որոշած է վերջնականապէս քանդել հայերու կիսակառոյց շինութիւնը,եւ առանց տեղեակ պահելու հիմնովին քանդած է զայն:
Մալաթիացի Հայերու Միութեան նախագահ Խոսրով Քէօլեթաւթիօղլու իր խիստ դժգոհութիւնը յայտնած է այս տմարդի քայլին առընչութեամբ. ՙԱռաջին անգամ քանդելով արդէն վիրաւորած էին,իսկ երկրորդ պարագային` ցաւը աննկարագրելի է: Որո՞ւն կը խանգարէ մահացածներուն յիշատակը յարգելը: Չեմ հասկնար: Շատ վրդովուած եմ՚,ըսած է ան:
Չի բացառուիր,որ այս բոլորը հետեւանք է Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին:
ՙՍի.Էն.Էն. Թուրք՚ը յօդուածին մէջ նաեւ կը նշէ.ՙԱյս բոլորը ցոյց կու տան հայերուն իրական վիճակը Թուրքիոյ մէջ՚:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ






































