Zartonk

18 Մայիս

  • Հայկական

    Թուրքիոյ մէջ Տինքի վճռական դատէն առաջ պարզած են «Բոլորս հայ ենք» պաստառը:
    17.01.2012
    «Ակօս» թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գծով հերթական դատական նիստէն առաջ, դատարանին դիմաց հաւաքուած են «Հրանդի ընկերները»՝ պահանջելով արդար դատավարութիւն: Ներկաները պարզած են «Հրանդի համար, արդարութեան համար», «Բոլորս Հրանդ ենք», «Բոլորս հայ ենք» կարգախօսները:


    Այսօր, 17 յունուար 2012 Հրանդ Տինքի դատավարութեան աւարտի օրն է:
    17.01.2012
    «Ակօս» թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի դատավարութեան աւարտի օրը այսօր, 17 յունուար 2012-ին, դատական գործընթացին մէջ հետաքրքրական զարգացում մը ի յայտ եկած է, որ կրնայ փոխել յիշեալ գործընթացը:


    Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կ՛աւարտի 17 յունուարին:
    16.01.2012
    Թրքական ազգայնամոլական շրջանակներու կողմէ 19 յունուար 2007-ին դաւադրաբար ապաննուած Ստամպուլի «Ակօս» թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 5 տարի շարունակուող դատավարութիւնը կ՛աւարտի 17 յունուարին՝ դատավճիռի հրապարակումով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Radikal» թերթը: Թերթի աղբիւրներէն մէկը յայտնած է, որ 17 յունուարին դատալսման ժամանակ ներկայ պիտի գտնուին Հրանդ Տինքի գործով զբաղող բոլոր դատաւորները: Տինքի փաստաբաններուն կարծիքով դատավարութիւնը պէտք է շարունակուի՝ իրենց կողմէ ներկայացուած նոր ապացոյցներու ուսումնասիրութեան համար:


    Ստամպուլահայ աշակերտներուն քննութեան հարցուցած են հայերու «դաժանութիւն»-ներուն մասին:
    14.01.2012
    Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ կը շարունակուին հայերու հանդէպ թշնամութիւն սերմանող իրադարձութիւններ տեղի ունենալ: Այս անգամ Ստամպուլի Պաքըրքիոյ թաղամասին վրայ գտնուող հայկական Թաթեան դպրոցի աշակերտներուն, քննութեան ժամանակ հաստատակամ ձեւով ներկայացուցած են «հայերու կատարած դաժանութիւնները» արտայայտութիւնը եւ հարցում պատրաստած են այդ ուղղութեամբ:


    Հրանդ Տինքի ընկերները անոր մահուան տարելիցին առիթով երթ մը կը կազմակերպեն:
    14.01.2012
    Ստամպուլի »Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի ընկերները երթ մը պիտի կազմակերպեն՝ անոր մահուան 5-րդ տարելիցին կապակցութեամբ 19 յունուար 2012-ին: Խումբը իր յայտարարութեան մէջ կոչ ըրած է պատժել անոնց, որոնք կազմակերպած են դաւադրութիւնը եւ Տինքի սպանութիւնը:


    Հրանդ Տինքի որդին նոր բացայայտումներ ըրած է հօր սպանութեան կապակցութեամբ:
    13.01.2012
    Ստամպուլի մէջ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութենէն 5 տարի անց, յանցագործութեան իրական մեղաւորներուն դէմ ուղղուած ապացոյցերը կը պահուին: Այս մասին Today’s Zaman-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաղորդած է Տինքի ընտանիքի փաստաբանը, որ դատավարութեան ընթացքին ներկայացած է իբրեւ գլխաւոր փաստաբան: Ան նշած է, որ ոստիկանութեան հետաքննութեան արդիւնքները կը հակասեն, որովհետեւ այդ օր ոչ մէկ հեռախօսազրոյց յայտնաբերուած է կասկածեալներուն մօտ, իսկ Տինքի ընտանիքի փաստաբանները յայտնաբերած են 5 բջիջային հեռախօսահամարներ, որոնք կը պատկանին այն անձերուն, որոնք դէպքի օրը ներկայ գտնուած են յանցագործութեան վայրին մէջ:


    Հ.Հ. նախագահը այցելեց Վանանդ համայնքի վերանորոգուած դպրոցը:
    13.01.2012
    Հ. Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեան Արմաւիրի մարզ կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին, այցելեց Վանանդ համայնքի միջնակարգ դպրոցը, որուն մասնաշէնքերէն մէկը վերջերս վերանորոգուեցաւ: Վանանդի դպրոցի տնօրէն Հայկ Խաչիկեան նշած է, որ վերանորոգումը կատարուած է ընկերային ներդրումներու հիմնադրամի եւ համայնքի միջոցներով: Անոր խօսքով, ներկայի պայմաններով դպրոցը կրնայ քաղաքակիրթ հնարաւորութիւններ ապահովել իր 140 աշակերտներուն եւ 22 ուսուցիչներուն համար:


    Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Նախագահէ Միջ-Եկեղեցական Խորհրդակցութիւններու
    12.01.2012
    Այսօր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցան շարք մը միջ-եկեղեցական խորհրդակցութիւններ:Արծարծուեցան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան առնչուած շարք մը հարցեր:


    Պուլկարիա Վաղ թէ Ուշ Պիտի Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
    12.01.2012

    Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան համողում յայտնեց, որ Պուլկարիան, այնուամենայնիւ, յառաջիկային պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Պուլկարիան նոյնպէս Թուրքիոյ ոճրագործութիւններուն զոհ է եւ ունի վատ փորձ: Այնպէս որ, անոնք վաղ թէ ուշ պիտի ճանչնան, ինչպէս եղաւ Կիպրոսի եւ Յունաստանի պարագային», ըսաւ ան:



    Հ.Հ. վարչապետը ցաւակցական հեռագիր յղած է ԽՍՀՄ հերոս Գէորգ Վարդանեանի մահուան կապակցութեամբ:
    12.01.2012
    Հ.Հ. վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է ԽՍՀՄ հերոս հետախոյզ Գէորգ Վարդանեանի մահուան կապակցութեամբ նշելով, որ Վարդանեան իր գործունէութեամբ բեկանեց համաշխարհային նորագոյն պատմութեան ընթացքը, անմնացորդ ծառայելով իր պետութեան:


    « Նախորդը 1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 Հաջորդ էջ »


  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը