- ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ - ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵԿԱՐԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲ
ՆԱԽԱՃԱՇ (ԽԱՇ)
Տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 5 Փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Թէքէեան Կեդրոնի ՙՀրաչեայ Սեդրակեան՚ սրահին մէջ, Ժըմմէյզի:
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն
Անակնկալ vivacell-mts-ի ՙHome-Zone Turbo՚ թղթածրարի բաժանորդներուն
vivacell-mts-ը` ՙՄԹՍ՚ ԲԲԸ դուստր ձեռնարկութիւնը ուրախ է տեղեկացնելու, որ 1 Փետրուարէն սկսեալ ՙHome-Zone Turbo՚ թղթածրարներու բաժանորդները միեւնոյն ամսավճարի փոխարէն կը ստանան տասը անգամ աւելի շատ ներառուած խօսելաժամանակ, ինչպէս նաեւ կրկնակի արագ համացանց:
Այսինքն այժմ թղթածրարին մէջ ներառուած ներցանցային խօսելաժամանակը կը կազմէ 1000 վայրկեան, նախկին 100-ի փոխարէն: Իսկ համացանցի ներբեռնման համար տրամադրուող արագութիւնը կը կազմէ 4 Մպիթ/երկվրկ, նախկին 2 Մպիթ/երկվրկ փոխարէն:
Մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է օգտուիլ ՙwww.vivacell.am՚ կայքէն, զանգահարել 111 անվճար հեռախօսահամարին, հաղորդակցիլ մեզի հետ ՙ111 օնլայն՚ փորթըլի միջոցով, կամ այցելել մեր սպասարկման կեդրոններէն որեւէ մէկը:
Սպասեցէք աւելին: vivacell-mts...: Աւելին` քան կապի գործարար:
vivacell-mts-ը (K-Telecom CJSC) Հայաստանի շարժական կապի յառաջատար գործարարն է, որ ունի ամենահզօր 2G/3G ցանցը եւ կը տրամադրէ ձայնային ու տուեալներու փոխանցման ծառայութիւններու բազմազան տեսականի` Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Գործունէութեան հիմք ընդունելով իր բաժանորդներու շահերուն լաւագոյնս ծառայելը, հիմնադրման օրէն` 1 Յուլիս 2005-էն, vivacell-mts-ը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կրցած է ստեղծել համահանրապետական ցանց եւ բաժանորդներու մեծ խարիսխ: vivacell-mts-ը նորարարութիւններու առաջատարն է եւ հետամուտ է ոլորտի բոլոր զարգացումներուն` ի շահ երկրին շարժական հեռահաղորդակցութեան շուկային: Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելեցէք www.vivacell.am
* * *
ՙԲջիջային Հեռահամակարգեր՚ OJSC (ՄԹՍ) Ռուսաստանի եւ ԱՊՀ երկիրներու բջիջային կապի խոշորագոյն գործարարն է: Դուստր ձեռնարկութիւններու հետ միասին կազմակերպութիւնը կը սպասարկէ աւելի քան 100 միլիոն բաժանորդներու: Ռուսաստանի 82 տարածաշրջաններու բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ուքրանիոյ, Ուզպեքիստանի եւ Թուրքմէնիստանի բնակչութիւնը, ուր ՄԹՍ-ը եւ իր դուստր ձեռնարկութիւնները արտօնագիր ունին GSM չափանիշներուն համապատասխան ծառայութիւններ մատուցելու համար, կը կազմեն աւելի քան 230 միլիոն մարդիկ: 2000-էն ՙՄԹՍ՚-ի բաժնետոմսերը գնանշուած են Նիւ Եորքի սակարանին մէջ MBT ծածկագրի տակ: Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելեցէք www.mts.ru կայքը:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































