- ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
2 Փետրուարին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ լիբա֊նանահայ դպրոցներու ուսումնակրթական խորհուրդներու ղեկա֊վարներու եւ ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուած ու քննարկուած են Հա֊յաստանի Սփիւռքի եւ Կրթութեան ու Գիտութեան նախարարու֊թիւններու կողմէ 2012-ի համար նախատեսուած ծրագիրներու մանրամասնութիւնները եւ այդ ծրագիրներուն լիբանանահայ ուսումնական օճախներու ներգրաւուածութեան եւ աշխոյժ մաս֊նակցութեան հնարաւորութիւնները:
Հանդիպման մասնակցած են Ազգային Իշխանութիւններու Ուսումնական Խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան, Հայ Կա֊թողիկէ դպրոցներու խորհուրդի քարտուղար Կրէկուար Գալուստ, Հայ Աւետարանական դպրոցներու կրթական խորհուրդի գոր֊ծա֊վար Ռոզէթ Ալեմեան-Մահսերեճեան, ՀԲԸՄ կրթական յանձնաժո֊ղո֊վի ատենապետ Սիլվա Լիպարիտեան, ՀԲԸՄ Լիբանանի դպրոց֊ներու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեան, Համազգային Մելանկ֊թոն եւ Հայկ Ասլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ Արամ Մալեան եւ Լիբանանի մօտ Հայաս֊տանի դեսպանութեան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեան:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































