- ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Webծիրան» համահայկական առցանց ֆիլմի փառատօնի յաղթողները յայտնի են
vivacell-mts-ը` «ՄԹՍ» ԲԲԸ դուստր ձեռնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «Webծիրան» համահայկական առցանց ֆիլմի փառատօնի արդիւնքները ամփոփուած են:
Մասնագիտական ժիւրիի (Արա Խանճեան, ֆիլմագէտ Սիրանոյշ Գալստեան, լրագրողներ` Գոհար Յակոբեան, Կարինէ Ռաֆայէլեան եւ Ժիւրիի նախագահ` ֆիլմագէտ Միքայէլ Ստամպոլցեան) որոշմամբ մրցանակներու արժանացած են հետեւեալ ֆիլմերը. գլխաւոր մրցանակը նուաճեց (1000 տոլարի համարժէք դրամ) «Աշնան Արեւ» ֆիլմը (բեմ. Տիանա Գարտումեան): Յատուկ մրցանակը տրուեցաւ (500 տոլարի համարժէք դրամ) «Հատուող Ճակատագիրներու Հանգրուանը» ֆիլմին (բեմ. Արսէն Այրապետեան): Խրախուսական մրցանակներ ստացած են «Թեթեւ Հպում» (բեմ. Նարէ Մկրտչեան), «Նախշոյի Դպրոցը» (բեմ. Գոհար Խաչատրեան), «Էն Ուրիշ Ֆրունզիկը» (բեմ. Յովհաննէս Պապիկեան), «Օգնէ Անոնց Հիմա» (բեմ. Արտներսէս), «Bye-Bye» (բեմ. Արեգ Մկրտչեան, Հրայր Լազեան, Աշոտ Յարութիւնեան) ֆիլմերուն:
«Webծիրան» համահայկական առցանց ֆիլմի փառատօնը մեկնարկած էր 15 Նոյեմբեր 2011-ին` «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնի եւ «Webtv.am» համացանցային հեռուստատեսութեան նախաձեռնութեամբ: Փառատօնին հովանաւորը vivacell-mts-ն է:
«Զարգացող աշխարհին մէջ անխուսափելի է ժամանակակից արհեստագիտութիւններու ներթափանցումը նաեւ մշակոյթի բնագաւառ, որ ողջունելի է եւ կը խրախուսէ տաղանդի բացայայտման: Արհեստագիտական լուծումներու կիրառումը, տուեալ պարագային մէջ համացանցը, ստեղծագործողին թոյլ կու տայ առանց նիւթական մեծ աղբիւրներ օգտագործելու` իր ըսելիքը հասցնել լայն հասարակութեան: Չափազանց կարեւոր գործօն մը, որուն կարիքը ունին ֆիլմարուեստն ու սկսնակ ստեղծագործողները: Կը շնորհաւորեմ նորարարական այս փառատօնի յաղթողները եւ յոյսով եմ, որ այս յաղթանակը լուրջ ազդակ կը հանդիսանայ, որպէսզի յաղթող ճանչցուած բեմադրիչները հասնին աւելի մեծ յաջողութիւններու», նշեց vivacell-mts-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Ֆիլմի փառատօնի ընթացքին ցուցադրուած են տարբեր ժանրերու 49 ֆիլմեր: Աւելի քան մէկ ամսուայ ընթացքին, ներկայացուած ֆիլմերը դիտած են 42.032 անգամ:
«Webծիրան» համահայկական ֆիլմի փառատօնին մասնակցելու հնարաւորութիւն տրուած էր Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ապրող հայ ֆիլմի բեմադրիչներու: Մրցոյթին կրնար ներկայացուիլ մինչեւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ, առանց ժանրային սահմանափակումներու, որեւէ արհեստագիտական միջոցով նկարահանուած ֆիլմ:
Ժիւրիի անդամներու գնահատականները եւ ընդհանուր արդիւնքները կարելի է տեսնել «webtv.am» կայքէջին վրայ:
Սպասեցէք աւելին: vivacell-mts...: Աւելին` քան կապի գործարար:
OFLAMBO! ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՊԼՈԿԸ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄԷՋ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի երկրորդական բաժինի խումբ մը աշակերտներ վերջերս առաջարկով մը հանդէս եկան վարժարանի ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհիներէն, միեւնոյն ատեն վարժարանի ֆրանսերէն լեզուի համակարգող` Տիկ. Հասնա Ապու Իլիասին, համացանցի մէջ ֆրանսերէնով պլոկ մը ստեղծելու մասին: Գաղափարը ողջունելի գտնելով, Տիկ. Ապու Իլիաս այս մասին տեղեակ պահելէ ետք վարժարանի տնօրէնին եւ անկէ ստանալով հաւանութիւն ու քաջալերանք, խումբին հետ միասնաբար լծուեցան աշխատանքի:
Վարժարանի տնօրէնութիւնը այս առթիւ հրաւիրեց վարժարանի համացանցային էջի պատասխանատու, «e-novation» ընկերութեան տնօրէն` Պր. Ռաֆֆի Տեմիրճեանը, որ տնօրէնին խնդրանքով եւ յանձնարարութեամբ սկսաւ համացանցի «www.mesrobian.com» էջին մէջ խումբին պլոկի ստեղծման աշխատանքներուն: Տնօրէնին, համակարգող-ուսուցչուհիին, աշակերտական խումբին եւ համացանցի պատասխանատուի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2012-ին, որուն ընթացքին Պր. Տեմիրճեան բացատրական աշխատանքներ տարաւ խումբի անդամներուն, պլոկէն օգտուելու մասին:
Շատ արագ, համացանցի մէջ խումբին էջը, կամ ինչպէս ընդունւած է ըսել պլոկի էջը գործի դրուեցաւ` «Oflambo» անուան տակ: Այս պլոկին անդամակցող աշակերտները առիթը պիտի ունենան ֆրանսերէն լեզուով շփուելու, արտայայտելու իրենց միտքերը եւ կարեւոր տեղեկութիւնները ֆրանսերէնով իրենց հասակակիցներուն փոխանցելու: Ըստ ֆրանսերէն լեզուի համակարգող Տիկ. Հասնա Ապու Իլիասի ասիկա առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի մեսրոպեանցի մեր աշակերտները, եւ ոչ միայն մեսրոպեանցիները, այլ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին անդամակցիլ այս պլոկին, կարենան ազատօրէն արտայայտուիլ ֆրանսերէն լեզուով, աւելի զօրացնելով իրենց լեզւական գիտելիքները, ինչպէս նաեւ անոր ընդմէջէն կարենան քաղել հետաքրքրական տեղեկութիւններ բազմաթիւ նիւթերու վերաբերեալ:
Մեզի կը մնայ յաջողութիւն մաղթել պլոկի հեղինակներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք պիտի անդամակցին այս պլոկին:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՈՆՏ
Ինչպէս նախանցեալ տարի, այս տարի եւս Ոսկեբերան Արզու֊մանեան Կրթական Ֆոնտը պիտի հոգայ Լիբանանի զանազան հայկական վարժարաններէ չորս հայ ուսանող֊ներու կրթական ամբողջական ծախսը:
Բոլոր այն ուսանողները, որոնք անցեալ տարեշրջանին օգտուե֊ցան յիշեալ ֆոնտէն բարեհաճին ներկայանալ կա֊թողիկոսարան, Շաբաթ, 4 Փետրուար 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ստանա֊լու համար 2011-2012 տարեշրջանի իրենց կատարուած յատկա֊ցումը:
Նշենք թէ Ոսկեբերան Արզումանեանի մահէն ետք, հան֊գուցեա֊լի այրին ու զաւակները հաստատեցին Ոսկեբերան Արզումանեան Կրթական Ֆոնտը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթո֊ղի֊կոսին վերին հովանա֊ւորութեան ներքեւ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
ՀՐԱՒԷՐ
Զուարթնոց Կեդրոն
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Նիւթ`
Յատուկ Դժուարութիւն Ունեցող Աշակերտներու Գործի Պատրաստութիւն Շուկայի Մէջ
Բանախօս`
Մարիէթա Զիատի
(Արաբերէն լեզուով)
Տեղի կ՛ունենայ Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2012-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Զուարթնոց Կեդրոնին մէջ:
Հիւրասիրութիւն` դասախօսութեան աւարտին:
ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻՆՔ
Աշճեան հաստատութիւնը` հիմնուած 1971-ի պետական 3 արտօնագիրներով.
1. Travel, Tourism and Ticketing
2. Adevertising
3. Սուրիա, Լիբանան եւ արաբական երկիրներ փոխադ֊րակառքով զբօսաշրջիկներ տանելու Ա. կարգի արտօնագիր:
Անմիջական կարիքը ունի գործընկերոջ մը Լիբանանի մէջ, պայմանաւ որ այս երեքէն որեւէ մէկուն փորձառութիւն ունենայ:
Հետաքրքրուողներ կրնան դիմել անձամբ, առաւօտեան ժամը 9:00-ն 2:00, Աշճեան հաստատութիւն, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ դիմաց:
3-10 Ապրիլ Ս. Յարութեան տօնին առիթով շրջապտոյտ դէպի Երեւան` լման պտոյտներով եւ բացառիկ յայտագիրով, գին` փոխան 1050 տոլարի միայն 490 տոլար, միայն նախա֊ճաշով:
Հեռ. 01-261177, 01-240654 եւ 03-233978
Հոգեհանգիստ
ԲԱԼՈՒ-ի Հայրենակցական Միութիւնը կը հրաւիրէ իր հայրենա֊կիցները ներկայ գտնուելու բալուցի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգե֊հանգստեան պաշտօնին, որ պիտի կատարուի Կիրահի, 29 Յունուար 2012-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պա֊տարագի:
Հոգեհանգստեան պիտի նախագահէ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան:
Թող միշտ խնկելի մնայ յիշատակը բալուցի բոլոր ննջեցեալ֊ներուն:
ԲԱԼՈՒ-Ի ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































