- ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ - ՄԱՀԱԶԴ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեղե֊կատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակը, երկ֊րորդ տարին ըլլալով եւ անցնող տարուան յաջողութենէն մեկնելով, ծրագրած է կազմակերպել միջ-դպրոցական ՙՀրանդ Տինք՚ շա֊րադրութեան Բ. մրցանքը:
Յայտնենք, որ առաջին մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բե֊րած էին լիբանանահայ 11 վարժարաններ, իսկ մրցանակաբաշխու֊թեան օրը մասնակիցներուն իր ուղերձը փոխանցած էր ՙԱկօս՚ թերթի հայերէն բաժինի պատասխանատու Սարգիս Սերոբեան: Մրցանքէն ետք, մրցանքի լաւագոյն երեք աշակերտներուն գրու֊թիւնները լոյս տեսան ՙԱկօս՚ի եւ լիբանանահայ երեք օրաթեր֊թերուն մէջ:
Նախաձեռնութեան նպատակն է հայկական վարժարաններուն միջեւ ստեղծել հայերէն գրելու առողջ մրցակցութեան մթնոլորտ`քաջալեր հանդիսանալով ճշգրտօրէն հայերէնի գործածութեան ու շարադրութեան:
Մրցանքը նուիրուած է Տինքին, որպէսզի աշակերտութիւնը ծա֊նօթանայ ենթակային եւ լաւապէս գիտնայ, որ ինք ունի խօսքի ազա֊տութիւն`առանց կաշկանդումներու արտայայտելու իր միտ֊քերը եւ հետապնդելու հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը:
ՙՀրանդ Տինք՚ Շարադրական Բ. մրցանքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 18 Փետրուար 2012-ին, վարժարանին մէջ:Դատական կազմին անդամներն են Շահան Գանտահարեան, Սարգիս Նաճար֊եան եւ Ժիրայր Դանիէլեան:
Առաջին երեք մրցանակակիրները պիտի ստանան պարգեւներ, իսկ առաջին հանդիսացող վարժարանը պիտի ստանայ Տինքին նուիրուած յատուկ նշանակը, որ մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանքը կը մնայ համապատասխան վարժարանին մօտ:Այս նշանակը իբրեւ խորհրդանիշ կը պահուի, եւ դպրոցէ-դպրոց շրջագայութեան մէջ մտնելով կը յաւերժացնէ ենթակային յիշատակը:
Մրցանքին արդիւնքը պիտի յայտարարուի մրցանակաբաշխու֊թեան յատուկ հանդիսութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 16 Մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին:
Նկատի առնելով ձեռնարկին օգտաշատ եւ հայանպաստ նպա֊տակները լիայոյս ենք, որ լիբանանահայ բոլոր վարժարանները կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը: Այս առիթով շնորհակալութիւն բ֊ո֊լոր անոնց, որոնք քաջալեր հանդիսացան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՀԱԶԴ
Պր. Խաչիկ Վարդանեան
Օր. Սիրուն Վարդանեան
Տէր եւ Տիկ. Հրայր Գասպարեան եւ զաւակունք
Տիկ. Սրբուհի Վարդանեան եւ զաւակունք (Յորդանան)
Տէր եւ Տիկ. Գէորգ Վարդանեան եւ զաւակունք (Յորդանան)
Տէր եւ Տիկ. Նուպար Փելթեքեան եւ զաւակունք (Յորդանան)
Տէր եւ Տիկ.Կարօ Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ. Անդրանիկ Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ. Կիրակոս Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ. Մհեր Վարդանեան եւ զաւակունք (Գանատա)
եւ համայն Վարդանեան , Տաղլեան, Ազատեան, Էօրտէքեան, Տէր Գէորգեան, Մուլլաճեան, Սիսլեան, Տէօքմէճեան եւ Փափիրեան ընտանիքներ կը գուժեն իրնց քրոջ, հօրաքրոջ, հարազատին եւ ազգականին
ԽԱԹՈՒՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆի
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 29 Յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Թրատ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգ. գերեզմանատունը:
Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը`Թրատ թաղ, Երկուշաբթի 30, Երեքշաբթի 31 Յունուար եւ Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2012-ին:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































