- ԿՈՉ. ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Սիրելի արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Դպրե֊վան֊քէն ներս նկարներու եւ քանդակներու մնայուն ցուցահանդէս ունենալու առաջադրանքով կը դիմենք ձեզի:
Նկատի ունենալով Դպրեվանքին աշխարհագրական հեռա֊ւորութիւնը Անթիլիասի ՙԿիլիկիա՚ թանգարանէն, մեր նպատակն է դպրեվանեցիներուն եւ Դպրեվանք այցելող հայ ու օտար հիւ֊րերուն հայ արուեստը հրամցնել եւ մեր սաներուն արուեստի ճաշակը բարելաւել:
Մնայուն ցուցահանդէսի թեմաները կը թողունք ձեր հայեցո֊ղութեան, սակայն ունինք դատական կազմ մը ցուցադրուելիք գործերուն որակը ապահովելու համար:
Արդ, կը խնդրենք որ մեր նկարիչները իրենց գործերէն առաւե֊լագոյնը 80 սանթիմեթր X 100 սանդիմեթր չափով եւ նուազագոյնը 50 սանդիմեթր X 70 սանդիմեթր չափով պաստառներ նուիրեն Դպրեվանքին, իսկ քանդակներու պարագային ազատ են իրենց յարմար նկատած չափերով գործեր նուիրելու: Նաեւ, կը խնդրենք որ մեզի փոխանցէք հայերէնով եւ անգլերէնով ձեր կենսագրա֊կանը` առաւելագոյնը 10 տող:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք կապուիլ Դպրե֊վանքի Տեսուչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին հետ, հեռա֊ձայ֊նելով 03-486943 եւ 04-980060 թիւերուն:
Շնորհակալութիւն ձեր համագործակցութեան համար:
Տեսչութիւն
Մահազդ
Պր. Շահէ Մատէնեան (Ֆրանսա)
Օր. Հուրի Մատէնեան
Տէր եւ Տիկ. Վաչէ եւ Սալբի Բրուտեան եւ զաւակը
(Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ Տիկ. Տոքթ. Արա եւ Մարալ Գալինճեան եւ զաւակունք
(Ֆրանսա)
Տիկ. Լիւսի Սարգիսեան (Անգլիա)
Տէր եւ Տիկ. Մայք եւ Սեդա Վոլըր (Անգլիա)
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, աներ֊հօր եւ հարազատին
ՅՈՎՍԷՓ (ՍԱՐՕ) ՄԱՏԷՆԵԱՆի
մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 29 Յունուար 2012-ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 3 Փետրուար 2012-ին, ժամը 11:00-ին, Ֆըրն Շըպպէքի Ազգ. գերեզ֊մանատան մատրան մէջ:
Ցաւակցութիւնները կÿընդունուին հանգուցեալին բնակարանը Ժըմմէյզէ, Ուրբաթ` 3 եւ Շաբաթ, 4 Փետրուար 2012-ին:
Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատա֊րել ՔԱՀԼ-ին:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































