Zartonk

18 Մայիս

  • ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ


    Սիրելի բարեկամներ,

     

    Բարձրօրէն կը գնահատենք ձեզ` դպրեվանքին հանդէպ ձեր ունեցած հետաքրքրութեան համար:

     

    Դպրեվանքի բարեկամներ եւ դպրեվանք կապը առաւել ամրապնդելու առաջադրանքով` կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները գրեթէ ամէն ուրբաթ եւ շաբաթ (երբեմն ալ միւս օրերուն), ժամը 19.00-20.00, դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցող արտադասարանային  ձեռնարկներուն:

     

    Փետրուարի մէջ նախատեսուած են հետեւեալ ձեռնարկները.

     

    Ուրբաթ, 3 Փետրուար, ժամը 19.00, Ճորճ սրկ. Լէյլէկեան, ՙԱռաքելական եկեղեցիները եւ ազատ եկեղեցիները այսօր՚, ուսանողական խորհուրդի կազմակերպութեամբ:

     

    Ուրբաթ, 10 Փետրուար, ժամը 19.00, Տիրայր Արք. Փանոսեան, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Զաւէն Խտըշեան, Մկրտիչ Մազմանեան, Յարութիւն Նագուլեան, Գրիգոր Նորիկեան, Հուրի Շեքերճեան եւ Լենա Քելեկեան:  Հայ արուեստագէտներու հաւաք-զրոյց, ՙԻ՞նչ է սրբանկարչութիւնը եւ ո՞վ է սրբանկարիչը՚, զրոյցը պիտի վարէ Մովսէս Հերկելեան, նկարչական եւ ձեռային աշխատանքներու խմբակի կազմակերպութեամբ:

     

    Շաբաթ, 11 Փետրուար, ժամը 19.00, Տոքթ. Ժիրայր Մալաճանեան, ՙ115-ամեակ ծննդեան եւ 75-ամեակ մահուան Եղիշէ Չարենցի՚, գրական խմբակի կազմակերպութեամբ:

     

    Առաւել, կը հրաւիրենք ձեզ դպրեվանքին հետ ըլլալու Ուրբաթ, 24 Փետրուար, երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Մեծ պահքի հսկումի ժամերգութեան, որ պիտի կատարուի մեր սաներուն կողմէ եւ եւ որուն ընթացքին պիտի քարոզէ Բարշ. Զօհրապ աւ. սրկ. Աշըգեան:

     

    Կամքէ անկախ պատճառներով ձեռնարկները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ կամ յետաձգուիլ: Անպատեհութիւններու առաջքը առնելու համար, ձեռնարկներուն ամբողջական տեղեկութիւնները կրնաք քաղել Հայր Ստեփանոսէն` հեռաձայնելով 04-983634 եւ 03-674954 թիւերուն: 

     

    Տեսչութիւն

    28 Յունուար 2012

     





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը