Zartonk

18 Մայիս

  • 20 ՔԱՅԼ ՈՐՈՆՑՄՈՎ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻՈՎ ՎԱՏԹԱՐԱՑՆԵԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՏ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՔՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ


    20 ՔԱՅԼ ՈՐՈՆՑՄՈՎ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻՈՎ ՎԱՏԹԱՐԱՑՆԵԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՏ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՔՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ

    Թուրքիոյ ղեկավարները ամիսներ շարունակ կը սպառնային Ֆրան֊սայի հետ հաշուեյարդար տեսնել, եթէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինա֊գիծը:

     

    Արհամարհելով Թուրքիոյ սպառնալիքները` Ֆրանսայի խորհրդա֊րանը 22 Դեկտեմբեր 2011-ին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Ծերակոյտը շարունակեց այդ գործընթացը 23 Յունուար 2012-ին, եւ 7 ժամ տեւած քննարկման իբրեւ արդիւնք` ընդունեց օրինագիծը 127 կողմ եւ 86 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Նոր օրէնքը, զոր շուտով պէտք է ստորագրէ նախագահ Սարքոզի, կը նախատեսէ մէկ տարուան բանտարկութիւն եւ 60,000 տոլարի համազօր տուգանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն համար: Ֆրանսայի բոլոր ծերակուտականները, նոյն֊իսկ անոնք, որոնք դէմ էին օրինագիծին նշեցին, թէ ոչ մէկ կասկած ունէին Հայոց Ցեղասպանութեան առընչութեամբ:

     

    Հասած է ճշմարտութեան ժամը: Հետաքրքրական է, թէ արդեօք Թուրքիոյ ղեկավարները պիտի ունենա՞ն խիզախութիւնը իրենց ամ֊պագորգոռ յայտարարութիւնները իրականացնելու: Կը փափաքինք անոնց երկու հարց ուղղել.

     

    1) Դուք միայն խօսողնե՞ր էք եւ ոչ գործողներ, կամ ինչպէս կ՛ըսուի` հաջան շունը կծան չ՛ըլլար:

     

    2) Արդեօք կարճաժամկէտ միջոցներու կը ձեռնարկէք պարզապէս ձեր դէ՞մքը փրկելու համար, թէ աւելի վճռական քայլերու պիտի դիմէք:

     

    Ի տարբերութիւն մէկ ամիս առաջուան, Թուրքիոյ հասարակու֊թիւնը այլեւս պիտի չբաւարարուի դեսպանին յետկանչով` ապա ըն֊դամէնը երկու շաբաթ ետք դարձեալ ուղարկուելու համար: Թուրքերը նաեւ կրնան շատ տպաւորուած չըլլալ վարչապետ Էրտողանի այն յայտարարութեամբ, թէ ալ բնաւ պիտի չայցելէ Փարիզ:

     

    Մինչ թուրք պաշտօնատարները կը սթափին Ֆրանսայի քուէար֊կութեան հարուածէն, կը փափաքինք քանի մը նշումներ ընել այն մասին, թէ ինչպէ՛ս թուրքերը կրնան առաւել վատթարացնել արդէն իսկ վատ իրավիճակը: Կատաղութենէն Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրնայ ձեռնարկել հակադարձ քայլերու, ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ բոլոր այն երկիրներուն դէմ, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպա֊նութիւնը: Նման ծայրայեղ, անտրամաբանական եւ ինքնավնաս գործունէութիւններ կրնան միայն նպաստել Թուրքիոյ մեկուսացման եւ վնասել անոր սեփական շահերը: Ստորեւ կարգ մը առաջարկներ, թէ ինչպէ՞ս Թուրքիան կրնայ հաշիւները մաքրել Ֆրանսայի եւ հնա֊րաւոր այլ հակառակորդներու հետ.

     

    1) Յետ կանչել Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը եւ զայն դարձ֊եալ չուղարկել, մինչեւ որ Ֆրանսան չեղեալ յայտարարէ Հայոց Ցե֊ղասպանութեան ճանաչումը ու նոր ընդունուած օրինագիծը:

     

    2) Վտարել Ֆրանսայի դեսպանը Թուրքիայէն եւ փակել ֆրանսա֊կան դեսպանատունը:

     

    3) Խզել տնտեսական, ռազմական, մշակութային եւ քաղաքական բոլոր յարաբերութիւնները Ֆրանսայի հետ:

     

    4) Հաւաքել ֆրանսական բոլոր արտադրութիւնները, ինչպիսին են տուրմերն ու գինիները, Թուրքիոյ բոլոր խանութներէն եւ զանոնք նետել աղբը, ինչպէս նաեւ արգիլել «Ֆրենչ Ֆրայզ»ը եւ «Ֆրանսա֊կան համբոյր»ը...:

     

    5) Չեղեալ յայտարարել թրքական թռիչքներուն չուերթը դէպի ֆրանսական քաղաքներ, եւ չարտօնել «Էյր Ֆրանս»ի օդանաւերուն մուտքը Թուրքիա: Կիրառել նմանատիպ սահմանափակումներ նաեւ ֆրանսական նաւերուն նկատմամբ:

     

    6) Արգիլել թրքական դպրոցներու մէջ ֆրանսերէն լեզուի դասա֊ւանդումը եւ փակել Թուրքիոյ մէջ գործող ֆրանսական անձնական դպրոցները:

     

    7) Արգիլել ֆրանսական ելեկտրոնային բոլոր կայքերու օգտագոր֊ծումը:

     

    8) Դադրեցնել Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ) անդամակցելու միտող Թուրքիոյ ջանքերը, որովհետեւ ԵՄի անդամ 26 պետութիւնները կըր֊նան ընդունիլ նոյնանման օրինագիծեր` Ցեղասպանութիւնը հերքելու մասին:

     

    9) Դուրս գալ Եւրոպայի Խորհուրդի կազմէն, քանի որ Եւրոպական Խորհրդարանը 1987-ին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

     

    10) Դուրս գալ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն (ՄԱԿ), որովհետեւ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովը 1985ին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին զեկոյց մը:

     

    11) Արգիլել Թուրքիոյ պաշտօնատարներուն Ֆրանսա այցելել:

     

    12) Թուրքիայէն վտարել Ֆրանսայի բոլոր քաղաքացիները եւ պահանջել, որ թուրքերը անմիջապէս հեռանան Ֆրանսայի տա֊րածքէն:

     

    13) Չարտօնել ֆրանսացի զբօսաշրջիկներու եւ գործարարներու մուտքը Թուրքիա:

     

    14) Փակել Թուրքիոյ մէջ ֆրանսական ինքնաշարժներու գործա֊րանները, որուն հետեւանքով հազարաւոր թուրք աշխատաւորներ գործազուրկ պիտի ըլլան:

     

    15) Թուրքիոյ մէջ բոլոր ֆրանսական փողոցները վերանուանել ալճերական եւ հիւսիսային-քորէական անուններով:

     

    16) Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ որոշում ընդունիլ` Ալճերիոյ «ցեղասպանութեան» համար Ֆրանսան մեղադրելու մասին:

     

    17) Վտարել Թուրքիա աշխատող անօրէն բոլոր հայաստանցի֊ները: Զրկել զանոնք սնունդէ եւ ջուրէ` Պոլիսէն դէպի Հայաստան, կամ աւելի վատը` դէպի սուրիական անապատներ անոնց տեղահա֊նութեան ընթացքին:

     

    18) Ֆրանսական դրամատուներէն վերցնել Թուրքիոյ մասնաւոր եւ պետական բոլոր ֆինանսական միջոցները:

     

    19) Սեւ ցանկի վրայ դնել Թուրքիոյ մէջ ֆրանսական բոլոր գիր֊քերը, ֆիլմերը, թերթերը եւ պատկերասփիւռային ծրագիրները:

     

    20) Ձերբակալել Ֆրանսայի քաղաքացիներ Թուրքիոյ մէջ` ի պա֊տասխան Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման համար Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած թուրքերուն:

     

    Ֆրանսայի Ծերակոյտին որոշումը մէկ մասն է այն բարձր գինին, զոր Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը վճարէ` անցեալ 100 տարիներուն ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան մնայուն ուրացման եւ օսման֊եան նախնիներուն կողմէ իրականացած դաժան յանցագոր֊ծութիւն֊ներուն համար:

     

    Քանի տակաւին Թուրքիան չէ ճանչցած իր մեղքը եւ չէ վերադար֊ձուցած հայկական հողերն ու կալուածները Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն, պիտի շարունակէ դիմագրաւել այլ երկիրներու լուրջ մարտահրաւէրները եւ պիտի զրկուի քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիքին մէջ դասուելէ:

     

    ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

    «Գալիֆորնիա Գուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը