- ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ԲԱՆ ՉԻ ՓՈԽԵՐ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ, ԸՍՏ ԵԻՒՐՈՆԻՈՒԶ-Ի
Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին ընդունումէն ետք` Պոլսոյ մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսութեան մօտ բողոքի ցոյց իրականացած է:
Ցոյցին անդրադարձած է նաեւ <Եիւրոնիուզ> հեռուստաալիքը: <Պոլսոյ մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսութեան մօտ բողոքի ցոյց իրականացնող թուրքերը զայրացած են` <ցեղասպանութեան մասին օրինագիծ>ին ընդունումէն: Ցոյցին կարգախօսներէն մէկը, նոյնիսկ այսպիսին էր` Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ֆրանսայի կայսերական սուտն է>, կը գրէ հեռուստաալիքի կայքը:
Հեռուստաալիքի թղթակիցը կ՛ընդգծէ, որ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրի մօտ 70.000 հայ, որոնք այս պահուն յայտնուած են ոչ դիւրին իրավիճակի մէջ: <Անոնց արձագանգը աւելի զուսպ էր, քան այն հայերունը , որոնք Երեւանի փողոցները ելած էին (Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին առնչութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր երթ):
<Եիւրոնիուզ>ի հետ զրոյցին ընթացքին Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող հայերէն <Ժամանակ> թերթի խմբագիր Արա Գոչունեան ըսած է, թէ վերջին օրերու <իրադարձութիւնները> մտահոգած են Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը, քանի որ անոնցմէ հնարաւոր է տուժեն հայ-թրքական յարաբերութիւնները:
<Ֆրանսան միջազգային դիւանագիտական հարցերու մէջ շատ կարեւոր խաղորդ է, Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած որոշումը սակայն, անուղղակի գործօն է: Ընդունուած որոշումը որեւէ բան չի փոխեր հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ, քանի որ այդ հարցը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հարցն է, եւ անիկա պէտք է թուրքերն ու հայերը լուծեն>, ըսած է Գոչունեան:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































