- ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 5ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԽԱՅՏԱՌԱԿ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՅՏԱՌԱԿ ՎՃԻՌԸ

Յաջորդ օրը հինգ տարի պիտի ըլլար, որ հակառակ բոլոր բացասական տուեալներուն`իր երկրին մարդոց, արդարադատութեան նկատմամբ չկորսնցուցած հաւատքը ՙվարձատրուած՚ էր փամփուշտներով...:
Թուրքիոյ արդարադատութիւնը, եթէ կարելի է այդպէս կոչել, Տինքի սպանութեան հինգերորդ տարելիցի նախօրեակին, 18 Յունուարին, անգամ մը եւս սպաննեց զայն:
Տրուեցաւ եզրափակիչ զազրելի վճիռ մը: Սակայն որքան ալ վրդովեցնող ըլլայ ան պէտք է խոստովանիլ, որ անակնկալ մը չէ, նկատի ունենալով հնգամեայ դատավարութեան խայտառակ ընթացքը: Այդ երկար հինգ տարիներու դատական ամբողջ ընթացքին չեղաւ օր մը, որ թրքական արդարադատութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան մը, որոշումի մը, կամ վճիռի մը համար կարենայինք ըսել, թէ անաչառ է, իսկապէ՛ս ճշմարտութեան եւ արդարութեան ուղղութեամբ ճամբայ հարթելու նպատակ կը հետապնդէ:
Դատավարութիւնը վերջ գտաւ Երեքշաբթի, 18 Յունուարի երեկոյեան, Ծանր յանցանքներու Պոլսոյ 14րդ դատարանին մէջ: Դահլիճէն դուրս ելլող Տինք ընտանիքի անդամներուն, փաստաբաններուն եւ բարեկամներուն խոր տխրութենէն, արցունքներէն արդէն կարելի էր կռահել վճիռին բնոյթը: Դատաւորը յայտարարած էր, որ ՙզինեալ կազմակերպութեան մը անդամ ըլլալու՚ մեղադրանքով դատուող 19 ամբաստանեալները անպարտ կ’արձակուին այդ յանցանքէն: Մանաւանդ Էրհան Թունճէլ, որ ոճիրը պետութեան առընչող շղթային առաջին օղակը կը նկատուէր, նոյնպէս ազատ կ’արձակուէր: Ըստ դատարանին ան դրդիչ ոչ մէկ դեր ունեցած է, ինչպէս պնդուեցաւ սկիզբէն ի վեր: Դատապարտուած է միայն`Ե.- Հայալի կողմէ Մըք Տանըլտ ճաշարանը պայթեցնող ռումբը պատրաստած ըլլալու յանցանքով ու իրեն տրուած բանտարկութեան պատիժն ալ արդէն կրած ըլլալով ազատ արձակուած է:
Այլեւս ստոյգ է, եթէ դեռ կասկած կար, որ սկիզբէն պատրաստուած ՙբեմագրութեամբ՚, նախատեսուած էր Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ ՙզոհել՚ խեղճուկրակ երկու երիտասարդներ, եւ մէկ-երկու ՙփոքր՚ անձեր, պաշտպանելու համար ՙմեծագլուխ՚ները եւ մանաւանդ խզելու համար`ոճիրին պատասխանատւութեան դէպի պետութիւն առաջնորդող թելերը: Այս երիտասարդներէն Սամասթ արդէն դատապարտուեցաւ 22 տարի բանտարկութեան.- համեմատաբար թեթեւ պատիժ մը, որ տրուեցաւ հաւատարիմ մնալով`դատավարութեան ապաբարոյ ոգիին, դժուար հաւատալի այն պատճառաբանութեամբ, որ արարքի պահուն ենթական անչափահաս էր: Իսկ ՙզոհուած՚ երկրորդ երիտասարդը եղաւ Եասին Հայալ, որուն ուսերուն բարդուեցաւ սպանութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը, քանի ան յանցաւոր նկատուեցաւ Տինքի սպանութեան ծրագրումով եւ դրդումով ու ցկեանս ծանր բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Ինչպէս նախորդ նիստին, Հայալ այս անգամ ալ պոռթկացած է չկարենալով զսպել իր զայրոյթը, հաւանաբար քաւութեան նոխազի հոգեբանութեամբ համակուած: Ան սպառնացած է ամբաստանագիրը կարդացող դատախազին ըսելով`ՙՊիտի տեսնենք: Հոս Անատոլիայէն բազմաթիւ տղոց մահավճիռը արձակեցիք: Ասպարէզ կը կարդամ: Տեսնենք ո՛ր քաջազունը իմ մահավճիռս պիտի արձակէ՚:
Հայալէն զատ դատավճիռը միայն երկու ամբաստանեալներու համար բացասական եղած է.- անոնք Էրսին Եոլճու եւ Ահմէտ Իսկէնտէր, ահաբեկչական կազմակերպութեան մաս կազմելու եւ ծրագրուած կերպով մարդ սպաննելու յանցանքներով 12 տարի ու վեց ամիս բանտարկութեան դատապարտուած են: Մնացեալ 13 ամբաստանեալները անպարտ արձակուած են:
***
Վճիռին յայտարարութենէն անմիջապէս ետք ներկայ կին մը, անոր արդիւնքէն զայրացած`դատական կազմին վրայ պոռացած է.- ՙԱյրեցէ՛ք ձեր սեւազգեստները՚: Կինը հսկողութեան տակ առնուած :
***
Բանտ առաջնորդուելէ առաջ կառք նստելու պահուն Հայալ ըսած է.- ՙԲոլորդ կը սիրեմ: Այս վճիռը Թուրքիոյ կողմէ անվայելութիւն է՚:
***
Դատախազը, որ 7 ամբաստանեալներու համար ցկեանս բանտարկութիւն պահանջած էր, ինչպէս նաեւ Տինքի փաստաբանները յայտնած են, թէ պիտի բողոքեն վճիռին դէմ:
***
Դատարանին առջեւ խմբուած բազմութիւնը վճիռին յայտարարութենէն ետք քալած է դէպի Շիշլի, ՙԱկօս՚ի խմբագրատունը: ՙՀրանդին համար, արդարութեան համար՚ արձանագրութիւնը կրող ցուցատախտակներ պարզած խումբը վանկարկած է`ՙՈճրագործ պետութենէն հաշիւ պիտի պահանջուի՚: Ապա խումբին մասնակիցները կարմիր մեխակներ զետեղած են հոն, ուր դժբախտ լրագրողը սպաննուեցաւ: Հոս խօսք առած է Ֆրանսա աքսորի մէջ մահացած ծանօթ երգիչ Ահմէտ Քայայի կինը`Կիւլթէն Քայա, որ քանի մը խօսքով լաւագոյնս ամփոփած է կացութիւնը ըսելով.- ՙՀակառակ անոր, որ ոճրագործները խոստովանեցան, թէ վարձկաններ են, հակառակ անոր, որ տուին իրենց պատուիրատուներուն անունները, այսօր կը տեսնենք դատարանին կայացուցած վճիռը՚:
***
Եւրոպական Միութիւնը գոհացուցիչ չէ գտած վճիռը: Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերու յանձնաժողովի պատասխանատու անդամ Սթեֆան Ֆիւլէի ներկայացուցիչը`Փեթէր Սթանօ յիշեցնելէ ետք, թէ այս թղթածրարին կապակցութեամբ Թուրքիա արդէն դատապարտուած է Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանին կողմէ աւելցուցած է.- ՙՀարկ է, որ դատուին բոլոր անոնք որոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն այս ոճիրին մէջ: Հարկ է նաեւ նոր հարցաքննութիւններու ձեռնարկել բարձրաստիճան դէմքերու կատարած միջամտութիւնները ստուգելու համար՚:
Ինչ կը վերաբերի ՙԷմնըսթի Ինթէրնէշընըլ՚ (ՙՄիջազգային Ներում՚) կզմակերպութեան ներկայացուցիչին ան յայտարարած է.- ՙԱնտեսուեցաւ պետութեան թերացումն ու բռնաբարումը, ոճիրին մէջ բաժին ունեցողներ չդատուեցան՚:
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































