Zartonk

18 Մայիս

  • ՎԿԱՅԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ


    Այսպիսի զուսպ եւ չափազանց համեստ վերնագիր ունի Յարութիւն Իսկահատեանին   եռագրութիւը: Եռահատորը ամբողջութեամբ նուիրուած է անցեալ դարու սկիզբներուն սանձազերծուած սոսկալի ոճրագործութեան մը, որ իրականացուեցաւ նախ Օսմանեան կայսրութեան, ապա նաեւ ինքզինք  հանրապետութիւն հորջորջող, բայց իրականութեան մէջ տակաւին ասիական միջնադարեան խաւարի մէջ  խարխափող Թուրքիոյ կողմէ: Քաղաքակիրթ աշխարհի բառարաններուն մէջ մարդկութեան դէմ կատարուած այդ հր՚շային ոճիրը միայն մէկ յստակ ձեւակերպում ունի` Հայոց Ցեղասպանութիւն:

     

    Անցնող հարիւրամեակի ընթացքին ինչեր ըսէք չէ կրած եւ տառապանքի ի՜նչ ճամբաներէ չէ անցած պատմականօրէն անհերքելի այս եղերական  իրողութիւնը: Անլուր տառապանք ու  անմարդկային ցա՛ւ եղած է: Մարդկային հանճարեղ ցեղի մը Վերածնունդը եղած է  ու... նաեւ դահիճի սառնասրտութեամբ հաշուարկուած ստոր ուրացո՛ւմ: Մեծ  անհաւատութեան ու մոռացումի սոսկալի շրջան մը ու նաեւ աշխարհի լաւագոյն զաւակներու կողմէ  արիւներախի  անբեկանելի խարանը դաջուած է ցեղասպան պետութեան մը արիւնոտ ճակատին...: Արհամարհանք եւ քմծիծաղ եղած է ու նաեւ.-.-.- մարդկային ուշացող արդարութեան սպասելէ յոգնած`  խրոխտ հայորդիներու անվրէպ գնդակները իրենց տաքուկ  թմբիրէն արթնցուցած են  լեթարգիական անխռով մրափով անզգայ  եւրոպական խաղաղ մայրաքաղաքները, երբ Հայ վրիժառու գնդակները դիտապաստ ըրած են թուացեալ անպատժելիութենէն գինովցած դահիճները:

    Եղած են...:

    Շատ բաներ եղած են ու հիմա կարգը արդար եւ անխուսափելի դատաստանին  հասած է: Այո, անբեկանելի դատաստանին կասկածող յոռետեսները թող միայն փոքր ինչ զսպեն իրենց զզուանքն եւ ականջալուր ըլլան  իրենց երբեմնի սուր ժանիքները անվերադարձ կորսնցուցած թրքական գորշ գայլի կաղկանձներուն ու ամէն բան աւելի քան պարզ կը դառնայ: Աւելի լաւ ապացոյց այն մասին, որ մօտ է հատուցման ժամը, գուցէ տարօրինակ է` բայց դժուար թէ գտնուի:  Չկայ հիմա գորշ գայլին արիւնոտ թաթերուն տակ անհետացած երբեմնի ահեղ Բիւզանդիոնը, որ հատուցում պահանջէ: Յաւերժ թուացող մեծ Ասորեստանի  մինչեւ մեր օրերը հասած բեկորներուն ձայները լսելի չեն ծերացած աշխարհի ծանր ականջներուն:  Քաղաքական ինչ-ինչ նկատառումներէ ելլելով, առ այժմ տեսակ մը կրաւորական կեցուածք ընդունած սերպերը, մակեդոնացիները, պուլկարները, ռումանացիները,  յոյները  ու նաեւ բոլոր անոնք, որոնց տարածքներէն թուրքը անցած է ժամանակին`  տակաւին կը յապաղին միանալու դահիճը պատժելու դրօշակակիր դարձած հայ ժողովուրդի ցասումին: Դեռ կը յապաղին... բայց անկասկած պիտի գայ նաեւ անոնց պատմական յիշողութեան արթնացումի ժամը...:

    Քիչ մը երկար այս  նախաբանը գրուեցաւ թերեւս անոնց համար, որոնք կը սիրեն իրենց տաքուկ խոհանոցներուն մէջ խաղաղ երեկոներուն գաւաթ մը թէյի կամ խմիչքի շուրջ  զրուցել ու միտքեր բարձրաձայնել Հայ Ոգիի թուլացման, անոր հպարտ Ինքնութեան  խաթարման  կամ ուծացման վտանգներու մասին: Կը խօսին, զրոյցի աւարտին ալ խորունկ հոգոց մը  քաշեով կ’աւելցնեն, թէ մենք փոքր ժողովուրդ ենք ու դժուար թէ կարենանք բան մը փոխել:  Մինչդեռ մենք արդէ՛ն իսկ փոխած ենք եւ քիչ  բան չենք փոխած մեղքերու տակ կորացած այս աշխարհին մէջ: Եթէ ո՛չ հիմա, ապա պատմականօրէն շատ կարճ ժամանակ մը ետք  քաղաքակիրթ աշխարհը պիտի հասկնայ ու գնահատէ ասիկա, ինչպէս որ հասկցան ու ըստ արժանւոյն գնահատեցին  աշխարհա-քաղաքական վերլուծական ամենալուրջ կեդրոնները, երբ արցախեան ազատագրական շարժումը խորհրդային հսկայ կայսրութեան գերեզմանափոր անուանեցին:

    Պիտի գա՛յ, կու գայ նաեւ այդ ժամը եւ մեզի համար բաղձալի այդ պահը մօտեցնելու ծովածաւալ աշխատանքներուն մէջ իր համեստ բաժինը ունի նաեւ Յարութիւն Իսկահատեանին այս աշխատութիւնը: Առ այժմ եռահատոր (առ այժմ, քանի որ չորրորդ, գուցէ նաեւ հինգերորդ հատորները կը պատրաստուին)  այս Վկայարանին մասին արդէ՛ն իսկ բաւական շատ գրուած է:  Գրած են Սփիւռքի եւ Հայրենիքի այնպիսի  ճանչցուած  մտաւորականներ, որպիսիք են Պէպօ Սիմոնեանն ու Թորոս Թորանեանը, Ժիրայր Քոչարեանը, Վանիկ Սանթրեանն ու Սամուէլ Մուրատեանը, Յակոբ Մանուկեանն ու Վարդի Քեշիշեանը, Երուանդ Պապաեանն ու Գէորգ Եազըճեանը: Դժուար է բոլորին անունները թուարկել  եւ անկեղծօրէն կարիք ալ չկայ, որովհետեւ ատիկա ժամանակին (խրոնոս) գործն է:

    ՙՎկայարան  Հայոց Ցեղասպանութեան՚ 

    Այս խորագիրը կը կրէ մեր ձեռքին տակ գտնուող եռագրութիւնը, ու եթէ հեղինակին պատմագիրի կամ փաստահաւաքի համեստութիւնը չըլլար, այն կրնար նաեւ  ՙՀայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրութիւններու յուշամատեան-հանրագիտարան՚ կամ ՙՇառաչուն ապտակ` ցեղասպանի անլուայ դէմքին՚ անուանուիլ: Առաջին ակնարկէն կը թուի, թէ հատորներուն մէջ բացակայ է հեղինակին` Յարութիւն Իսկահատեանին  խօսքը, բայց միայն ակնթարթ մը ետք կ’անդրադառնանք, որ  աշխատութեան հարիւրաւոր էջերուն մէջ ամէնուր է անոր վերաբերմունքն ու խօսքը: Հաւաքուած աղբիւրներու, որոնք ինիսունէն աւելի են, նիւթերու եւ  ողբերգական դէպքերու զարգացման ընթացքը, այն յաջորդականութիւնն ու տրամաբանական հետեւողականութիւնը, որ գերակայ են եռահատորին մէջ` Յարութիւն Իսկահատեանին վերաբերմունքն ու ամփոփ խօսքը կը հանդիսանան:

    Դժուար, շատ դժուար գործ է վերլուծական յօդուածներ գրել  Հայոց Ցեղասպանութեան առընչուող գրական, պատմա-բանասիրական եւ այլ կարգի ստեղծագործութիւններու մասին, որովհետեւ  մարդկային բանականութիւնը հոս պահ մը կը նահանջէ եւ  հոգեկան ու զգացական  ինչ-ինչ յոյզեր, կարծէք կ’արգելակեն միտքդ ու այս պարագային անկարող կ’ըլլաս զանոնք որպէս ՙշնորհակալ աշխատանք՚, ՙհրաշալի գործ՚ կամ ՙճիշդ ժամանակին եղած ու ընթերցողի սեղանին դրուած լիարժէք ստեղծագործութիւն՚ որակել: Կ’արգելակեն, թէեւ բանականութիւնդ կը յուշէ, որ  Յարութիւն Իսկահատեանի այս ձեռնարկը, իսկապէս շնորհալի աշխատանք է, հրաշալի գործ եւ ճիշդ ժամանակին ընթերցողի սեղանին դրուած լիարժէք  վկայութիւններ:

    Բանականութիւնը կը յուշէ նաեւ, որ պարտաւոր ես գրել, որովհետեւ եթէ յօդուածագիրին համար դժուար է, ապա տրամաբանական հարց կը ծագի, թէ որքա՞ն դժուար եղած է այս եռահատորը կազմողին համար: Իսկապէս որքա՞ն` տաս, հարի՞ւր, թէ հազա՛ր անգամ աւելի: Հայ մտաւորականի  դեռ քանի՞ սերունդ պիտի հոգեկան  ու ֆիզիքական գերլարումի գինով ստիպուի մտովի անցնիլ  իր նախնիներուն անցած գեհենական այդ ճամբան, որպէսզի տարիով, ամիսով կամ գոնէ օրով  մօտեցնէ արդար հատուցումի անխուսափելի  պահը...:

    Անկարելի է յօդուածի մը շրջանակներուն մէջ խօսիլ այն բոլոր աղբիւրներուն կամ հեղինակներուն մասին, որոնցմէ ջանասիրաբար ու համբերատարօրէն օգտուած ու մէջբերած է հեղինակը: Շատ են անոնք` Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն մինչեւ բանաստեղծներ ու արձակագիրներ, ականատեսի վկայութիւններէն մինչեւ  սահմռկեցնող իրադարձութիւններուն մէջ այս կամ այն կերպ ներքաշուած օտարականներ: Չափազանց ընդգրկուն է նաեւ ողբերգութեան աշխարհագրութիւնը, որ կը ներառէ օսմանեան ամբողջ կայսրութիւնն ու այսօրուան ՙթրքական հանրապետութիւն՚  կոչուած ուրացումի ու խաւարի թագաւորութիւնը...:

    Յարութիւն Իսկահատեանը ընթերցողներէն շատ շատերու փոխարէն մտովի անցած է դժոխային այդ ճամբան եւ մեր սեղաններուն դրուած  առ այժմ եռահատոր աշխատութիւնը իր անցած ճամբուն արգասիքն է: Այս պարագային ջերմութիւնն ու արեան կանչը կը խանգարեն, որ շնորհակալութիւն յայտնենք իրեն, որովհետեւ ասիկա այն նիւթն է, որուն անդրադարձած հեղինակներէն շնորհակալ ըլլալը անպատշաճ կամ աւելորդ կը թուի:

    Պարզապէս արժանին մատուցենք Յարութիւն Իսկահատեանին ու նաեւ անոնց, որոնց անգնահատելի աջակցութեաբ է, որ լոյս աշխարհ եկած են շատ ու շատ  հայաշունչ գիրքեր, այդ շարքին նաեւ այս յուշագրութիւնները` մեկենասներ Կարպիս Լ.- Նազարեանին  եւ Միմի ու Արմէն Յարութիւնեաններուն:

     

     ԷՏՈՒԱՐՏ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը