Zartonk

18 Մայիս

  • ՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔԸ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ԲԱՅՑ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԹԵՐ ՈՒ ԴԷՄ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՊԱՅՔԱՐԸ


    Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններու, ի շարս որոնց` Հայոց Ցեղասպանութեան ալ ժխտումը պատժելի դարձնող օրինագծին Ծերակոյտին կողմէ վաւերացումը արդէն շաբաթ մը եղաւ, բայց թեր ու դէմ կարծիքներու պայքարը կը շարունակուի նոյն թափով: Այդ կարծիքները երեսփոխաններու եւ ծերակուտական֊նե֊րու` Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած նամակներն ու կոչե֊րը այնքան բազմաթիւ են, որ անկարելի է անդրադառնալ բոլորին: Անոնցմէ մէկ մասին անդրադարձանք արդէն մեր նախորդ թիւով:

     

    Այսպէս, Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ խումբ մը պատմա֊բաններ` Անէթ Պէքէր, Համիթ Պոզարսլան, Վէնսան Տիւքլէր, Ռեմոն Գէորգեան, Գլէր Մուրատեան եւ Իւ Թէրնոն հանդէս եկած են նամա֊կով մը, ուր կը դատապարտեն տարիներով իրենց ուսումնասիրած եւ իրողութիւնը հաստատուած` Հայոց Ցեղասպանութիւնը կրկին քննարկ֊ման նիւթ դարձնելու ուղղութեամբ առաջարկները: Կ’ըսեն, թէ յստակ է նաեւ, որ հայ եւ թուրք պատմաբաններու յանձնաժողովի մը ձեւով նախատեսուած` արտաքնապէս առարկայական այդ առա֊ջարկին ետին թաքնուած է թրքական ուրացումը:

     

    ***

     

    Հայկական Դիտարանն ալ իր նախագահին` Պ. Ռոպէր Այտապիր֊եանի ստորագրոթեամբ կոչ մը յղած է ծերակուտականներուն:

     

    Ռ. Այտապիրեան անդրադառնալով որոշ ծերակուտականներու Սահմանադրական Խորհուրդ դիմելու տրամադրութեան կ’ըսէ, թէ օրէնքին հակասահմանադրական բնոյթին մասին պնդումներուն արդէն պատշաճ կերպով պատասխանած է իրաւաբանութեան իրենց մասնագէտը` Վէնսան Գուսիրա-Գուսթէր, եւ հանգամանալից կերպով զանոնք ջրած է: Կ’աւելցնէ, թէ իրաւաբանական նման պատճառա֊բանութիւնները իրականութեան մէջ քաղաքական կամքի յայտա֊րարներ են, այլ խօսքով` լոկ պատրուակներ:

     

    Խօսքը ուղղելով այն ծերակուտականներուն, որոնք թեր քուէար֊կեցին օրէնքին կ’ըսէ, թէ շնորհիւ իրենց որոշումին այսօր Իսրայէլի, Պելճիքայի եւ Գերմանիոյ մէջ խիղճերը կ’արթննան` հակազդելու համար ժխտողականութեան ժանտախտին: Պ. Այտապիրեան կը գրէ, թէ շնորհիւ ֆրանսացի ծերակուտականներու քուէարկութեան` նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ սկսած է ճաթռտիլ ուրացման պատը, մարդիկ գօտեպնդուած անկէ` սկսած են օրինակելի քաջութեամբ ստանձնել իրենց պետութեան բարոյական սնանկութիւնը:

     

    ***

     

    Օրինագծին հեղինակներէն փաստաբան Ֆիլիփ Գրիգորեանն ալ նամակ մը գրած է նախագահ Սարքոզիին, որպէսզի արագօրէն ստո֊րագրէ օրէնքը:

     

     

    ***

     

    Օրէնքին անակնկալ ընդդիմադիր մը յայտնուած է, յանձին Առանց Սահմանի Թղթակիցներու կազմակերպութեան: Անոր ընդհանուր քարտուղար Ժան-Ֆրանսուա Ժիւլիար, 25 Յունուար թուակիր երկար նամակով մը կը բացատրէ իրենց դիրքորոշումը: Քաղաքական ամէնէն վարպետ դէմքերու արտայայտութիւններու եւ դեռ շաբաթ մը առաջ Ծերակոյտին մէջ ալ հնչած որոշ ելոյթներու վայել ամբոխավա֊րութեամբ Ժիւլիար կ’ըսէ, թէ կը հասկնայ Հայոց ցաւը, կը բաժնէ զայն եւլն, բայց քուէարկուած օրէնքը նպատակայարմար չէ չորս պատճառներով. նախ կը կաշկանդէ արտայայտութեան ազատու֊թիւնը. յանցանքը եւ պատիժը բոլորովին անհամեմատ են. խորհրդա֊րանը զանցած է իր լիազօրութիւնները. եւ վերջապէս` օրէնքը յստակ չէ: Այսքանով ալ չի գոհանար եւ խորհրդարանականներէն կը պա֊հանջէ, որ անմիջապէս դիմեն Սահմանադրական Խորհուրդ` առկա֊խել տալու համար օրէնքը:

     

    ***

     

    ԹՐՔԱԿԱՆ ԳՐԳՌՈՒԹԻՒՆ

     

    Տաւոսի տնտեսական համաշխարհային համաժողովին մասնակ֊ցելու համար Զուիցերիա գացած` Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու նախարար Էկէմէն Պաղըշ, Ցիւրիխի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է, թէ Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող ֆրանսական օրէնքը որեւէ նշանակութիւն չի կրնար ունենալ:

     

    ՙՅուսամ Ֆրանսայի մէջ խոհեմ մարդոց թիւը աւելի է, քան խեն֊թերունը՚, ըսած է նախարարը եւ աւելցուցած. ՙՄենք հիմա Զուի֊ցերիա կը գտնուինք, եւ ես կը յայտարարեմ, որ 1915-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները Ցեղասպանութիւն չեն: Թող գան եւ ձերբակալեն զիս՚:

     

    ***

     

    Ըստ ազրպէյճանական ՙ1news.az՚ կայքին` ՙՀայոց Ցեղասպա֊նութեան՚ ժխտումը պատժող օրինագիծը ընդունելով` Փարիզ կորսնցուց իր առարկայականութիւնը: Անհրաժեշտ է քննարկել Մինսքի խումբի կազմին մէջ` Ֆրանսան համանախագահի իր կարգավիճակէն զրկելու հարցը՚, ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւուտօղլու:

     

    Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիա այդ առընչութեամբ համապա֊տասխան նամակ պիտի ուղարկէ կառոյցին: Տաւուտօղլու դիտել տուած է նաեւ, որ ՙ2011-ին հարաւ-կովկասեան տարածաշրջան իր այցելութեան ընթացքին Սարքոզի Հայաստանի մէջ մնաց երկու օր, իսկ Ազրպէյճանի մէջ հազիւ քանի մը ժամ: Ատիկա առարկայական չըլլալու յայտարար է՚:

     

    Թուրք նախարարը եզրակացուցած է, որ եթէ Ֆրանսան շարու֊նակէ իր առաքելութիւնը Մինսքի խումբի կազմին մէջ, Թուրքիան եւս պէտք է այդ խումբին անդամ դառնայ:

     

    Միւս կողմէ Ահմետ Տաւուտօղլու հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ամերիկացի իր պաշտօնակիցին` Հիլըրի Գլինթընի հետ եւ շնորհա֊կալութիւն յայտնած` Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ցեղասպա֊նութիւններու ժխտումը պատժող օրէնքը քննադատելուն համար:





  • Փնտռել
    Արխիւ


    may 17
    17.05.2012
    may 16
    16.05.2012
    may 15
    15.05.2012
    may 13
    13.05.2012
    may 12
    12.05.2012
    may 11
    11.05.2012
    may 10
    10.05.2012
    may 9
    09.05.2012
    may 6
    06.05.2012
    may 5
    05.05.2012
    may 4
    04.05.2012
    may 3
    03.05.2012
    may 1
    01.05.2012
    april 29
    29.04.2012
    april 28
    28.04.2012
    april 27
    27.04.2012
    april 26
    26.04.2012
    april 24
    24.04.2012
    april 22
    22.04.2012
    april 21
    21.04.2012
    april 20
    20.04.2012
    april 19
    19.04.2012
    april 18
    18.04.2012
    april 14
    14.04.2012
    april 13
    13.04.2012
    april 12
    12.04.2012
    april 11
    11.04.2012
    april 7
    07.04.2012
    april 6
    06.04.2012
    april 5
    05.04.2012

    ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐՌադիո Սևան
    ԱՌԱՆՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Right bottom
    ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
    Right
    1,503.50
    0.76
    388.69
    քլկ. արծաթ0.00
    օնց. ոսկի1,720.10
    ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ
    Հայաստանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ով պիտի գրաւէ առաջին դիրքը