- ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ. ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐԴԱՐԱՍԷՐ ԱՐԻ ԿԵՑՈՒԾՔԸ Կ’ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ-ԻՆՉՊԷՍ ԱՅՍ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԿԱՅԷ-ԼՈԿ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԷ
Այս մասին մեր նախորդ յօդուածով (*) կը զգուշացնէինք մեր ընթերցողները կանխահասօրէն դիրք բռնելէ պետութեանց դէմ, անոնց ղեկավարներուն յաճախակի խոստմնադրժութեան պատճառով: Ժամանակը եկած նկատած ենք այդպիսի զգուշացում մը կատարելու, ամէն տեսակ յուսախաբութեանց առաջքն առնելու մտահոգութեամբ եւ կասկած չկայ, որ իրաւունք ունէինք այդպիսի բացորոշ դիրքաւորում մը որդեգրելու:
Միւս կողմէ սակայն, միջազգային քաղաքական աշխարհին մէջ, թէեւ ոչ յաճախ բայց յայտնապէս երբեմն կը պատահին անակնկալներ, -մասնաւորապէս հաճելի հայերուս համար, -որոնց մասին անարդար պիտի ըլլար լուռ անցնիլը:
Ահա՛ այդպիսի զմայլելի անակնկալի մը առջեւ գտնուեցանք 23 Յունուարին, Երկուշաբթի օր յետ միջօրէին, երբ Հայաստանի պատկերասփիւռը խանդավառօրէն հաղորդեց, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը իր կարգին, խորհրդարանի ներկայացուցչական մարմինէն ետք, կը վաւերացնէր օրէնքի այն նախագիծը, որ մէկ տարուան բանտարկութեան եւ ծանր տուգանքի կ’ենթարկէ իր երկրին այն բնակիչները, որոնք կը մերժեն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այս առիթով թերեւս տեղին է բացատրել, թէ օրէնքի նախագիծ մը օրէնքի ոյժ կը զգենու, խորհրդարանի երկու մարմիններէն յաջորդաբար վաւերացուելով եւ ի վերջոյ`նախագահին ստորագրութիւնը կրելով:
Հոս մեզ հետաքրքրող պարագային`ոեւէ մէկը պիտի չկարենար հաւաստել, թէ Ծերակոյտը նոյնհետայն պիտի վաւերացնէր այդ օրինագիծը, թէեւ այն իրողութիւնը, որ ան այժմ կը գտնուի Հայաստանի հանդէպ լաւ տրամադրուած Ընկերվարական Կուսակցութեան հակակշռին ներքեւ մեծապէս կը յուսադրէր մեզ:
Գալով Նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի ստորագրութեան, այդ մասին մտահոգ ըլլալու պատճառ հիմա չունինք, անոր հայասիրական զգացումներուն, մասնաւորաբար անցեալ տարի Հայաստան պաշտօնական այցելութեան առիթով, աներկբայօրէն ցուցաբերած յոյժ բարեկամական դիրքին ծանօթ ըլլալով:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատիժի ենթարկող այս օրէնքի նախագիծի մասին տարիներէ ի վեր կը գրուէր եւ կը խօսուէր շարունակ: Աւելի՛ն`մեզմէ ոմանք գիտէին, թէ ամէն ոք համաձայն չէր գտնուած անոր բովանդակութեան: Եւ անհամաձայն եղողներն անպայման հայատեաց մարդիկ չէին եղած, թուրքերուն եւ ազրպէյճանցիներուն նման: Անոնց մէջ կային նաեւ լրջախոհ օտարներ, նո՛յնիսկ լրջախոհ հայեր: Այս առիթով յիշենք անունը Իսթանպուլի ՙԱկօս՚ թերթին տարաբախտ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի, որ իւրայատուկ, հասկնալի եւ արդարանալի մտահոգութիւններով եւ հազուագիտ ազնուականութեամբ, նախընտրած էր չքաջալերել այդպիսի օրինագիծի մը ընդունումը:
Ուրեմն դատապարտելի չենք նկատեր Հրանդ Տինքի եւ իրեն նման խորհողներու մտածելակերպը`թիւրիմացաբար այդ օրինագիծը շփոթելով խօսքի-ազատութեան մարդկային իրաւունքը արհամարհող անարդարանալի կեցուածքին հետ, ոեւէ ազգային կրնար ճշմարտութիւնը անմիջապէս լիովին չըմբռնել: Ահա թէ ինչո՛ւ կը տարուինք հետեւցնելու, որ համաձայն չեղողները թերեւս կը կարօտին յաւելուածական անհրաժեշտ լուսաբանութեանց, որոնց առընչութեամբ կ’ընդունինք, որ ժլատ գտնուած է թէ Սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի թերթերուն համակարգը:
Ուրեմն այդ դրական աշխատանքին լծուելով, կ’ուզենք մոռցողներու նախ եւ առաջ յիշեցնել, թէ այսպիսի նախագիծ մը նախընթաց չի ստեղծեր. հա՛յ կատ մը հրեաներու ողջակիզման առընչութեամբ: Արդ, եթէ հրեաները պաշտպանուած են այդպիսի ահաւոր ուրացումի մը դէմ, ինչո՞ւ մենք հայերս անպաշտպան պիտի մնայինք, քանի որ մեր եւ հրեաներուն պատահած ողբերգութիւնները, երկուքն ալ հաւասարապէս, ցեղասպանութիւններ են, ամէնէն հեղինակաւոր օտարազգի եւ հայ ու հրեայ պատմաբաններու անմիջական եւ ամբողջական համեմատութեան արժանանալով:
Միւս կողմէ մոռացութեան չտանք թրքական Պատժական օրինագիրքի թիւ 301 տխրահռչակ յօդուածը, որուն հիման վրայ այսօր Թուրքիոյ մէջ աւելի մեծ թիւով լրագրողներ ու խմբագիրներ անարդարօրէն բանտարկուած կը մնան, քան օրինակի համար Չինաստանի մէջ, որ մէկ միլիառէ աւելի բնակչութիւն կը հաշուէ...:
Այս հիմնակէտը ուզեցինք յիշել հոս, որովհետեւ Ֆրանսայի արի կեցուածքէն ամէնէն աւելի բարկացողը Թուրքիոյ այժմու ղեկավարները`վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը եղան, որոնք այնպիսի անարգական պոռթկումներով կ’արտայայտեն իրենց բարկութիւնը, իբրեւ թէ իրե՜նք քաւութեան նոխազ եղած ըլլային...:
Եւ օրինակ առնելով իր ղեկավարներէն, թրքական մամուլն ալ սանձ չի դներ իր արտայայտութեանց, օրինակի համար թուրք թերթ մը Ֆըրանսայի նախագահ Սարքոզին անամօթաբար սատանայ կոչելով...:
Յետոյ կ’ուզենք շեշտել, թէ Ֆրանսայի ներկայ դիրքաւորումը հայասիրութիւն որակելը ամբողջական ճշմարտութիւնը չ’ըսեր: Անիկա առաւելաբար արդարասէր կեցուածք մըն է, անկախաբար զոհին -իմա՛ `հայուն- ազգութենէն: Գոհունակութեամբ կ’արձանագրենք որ`մեր այս տեսակէտը իւրացուած գտանք մէկէ աւելի ֆրանսացի մտաւորականներու յայտարարութիւններէն յաճախ լսեցինք Փարիզի պատկերասփիւռէն:
Ի վերջոյ կը մնայ հիմնակէտ մը եւս, զոր կ’ուզենք լուսաբանել. Ցեղասպանութիւն բառը, որ վերջերս հռչակ հանած է իր յաճախակի գործածութեամբ միջազգային քաղաքական աշխարհին մէջ, հակառակ անոր անուանակոչութեան, լոկ սպանութիւն չէ, հետեւաբար բոլորովին արդարութիւն չ’ըներ իր բարդ բնոյթին:
Մեր միտքը պարզաբանելու մտահոգութեամբ, պահ մը Միջազգային Իրաւագիտութենէն անցնինք Պատժական Իրաւագիտութեան, որ ինքնին լիակատար գիտութիւն մըն է:
Գիտենք, որ ամէն քաղաքակիրթ երկրի Պատժական Իրաւագիտութիւնը կը դատապարտէ ամէն տեսակ ոճիրները անխտիր. սպանութիւնն անշուշտ ոճիր է, բայց միակը չէ: Եւ որպէսզի արդարութիւնը կատարեալ ըլլայ, երբ ոճրագործ մը միեւնոյն ժամանակ մէկէ աւելի եւ իրարմէ տարբեր բնոյթով ոճիրներ գործած կ’ըլլայ, կը դատապարտուի այդ բոլորին մանրակրկիտ քննութեան լոյսին տակ:
Տանք օրինակ մը. ոճրագործ մը գիշերանց մուտք կը գործէ բնակարանէ մը ներս. կը տեսնէ կին մը, զոր կը բռնաբարէ, յետոյ մանուկ մը, զոր կը պղծէ, այր մարդ մը վրայ կը հասնի, զոր կը սպաննէ. յետոյ կը գողնայ ամէն արժէքաւոր առարկայ, զոր կը գտնէ եւ ի վերջոյ տունը հրդեհի կու տայ: Երբ ոճրագործը կը ձերբակալուի, կը պատժուի անշուշտ իր բոլոր յանցագործութեանց համար անխտիր, ոչ թէ միայն սպանութեան:
Այդ վերադառնալով միջազգային քաղաքական աշխարհ, կը տեսնենք հոս պետակա՛ն ոճրագործը, որ վերոյիշեալ բոլոր յանցապարտութիւնները կատարելէ ետք անոնց վրայ կ’աւելցնէ ուրիշներ եւս, ինչպէս ստրկավաճառութիւն, հայկական համայնքային եւ անհատական ունեցուածքներու եւ հարստութեանց իւրացում, տեղահանութիւն, մշակութային արժէքներու փճացում, կոթողներու կործանում, եւայլն, եւայլն:
Ուրեմն, դո՛ւք եզրակացուցէք, պէտք չէ՞ պատժուի:
Քրէական յանցապարտութիւնը այս պարագային պետական բնոյթ կրելով, պատասխանատուութիւնը կը բազմապատկուի: Պատժուողը դժգոհ կը մնայ, կը բարկանայ, կը չափազանցէ, կը ստէ, կը խեղաթիւրէ եւ կը սպառնայ: Ի՞նչ պէտք է հետեւցնել. յանցապարտը պէտք չէ՞ պատժուի:
Եւ տակաւի՛ն կայ. ցեղասպանութիւնը ուրացողը խորքին մէջ շարունակած կ’ըլլայ իր ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ ըրածը հիմա ճի՛շդ ատիկա է: Եւ ընդգծելով, որ այդ պետական ուրացումը բացարձակապէս որեւէ աղերս չունի խօսքի ազատութեան մարդկային վսեմ իրաւունքին հետ, մենք կ’եզրակացնենք`Ֆրանսայի արդարասէր արի կեցուածքը բովանդակ հայութեան երախտագիտութեան արժանի հռչակելով:
Սրտանց կը մաղթենք, որ Ֆրանսայի այս մարդասիրական կեցուածքը հաղորդական ըլլայ այլ քաղաքակիրթ պետութեանց, որպէսզի անոնք եւս հետեւելով այս բարի օրինակին, ստեղծած ըլլան բովանդակ աշխարհ մը, աւելի՛ ապահով եւ աւելի՛ հանգստաւէտ, համայն մարդկութեան ապրելակերպին համար:
(*) Այս նիւթին շուրջ մեր նախորդ յօդուածը`ՙՔաղաքագէտներու Յաճախակի Խոստմնադրժութեան Դէմ Յանդիման՚ խորագրով, ըստ մեր գիտութեան լոյս տեսած էր Պէյրութի ՙԶարթօնք՚ օրաթերթին 1 Նոյեմբեր 2011 թիւով, Մոնթէրեալի ՙԱպագայ՚ շաբաթաթերթի 7 Նոյեմբերի թիւով, Գահիրէի ՙԱրեւ՚ի 29 Նոյեմբերի թիւով եւ Լոս Անճելըսի ՙՆոր Կեանք՚ շաբաթաթերթի 3 Նոյեմբերի թիւով:
ԴՈԿՏ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Պոստոն
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































