- ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԵՒ ՕՊԱՄԱ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԵՑԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԻՍԱՏ ՄՆԱԼՈՎ
Օպամայի վարչակարգին իրարայաջորդ քաղաքական սայթաքումներուն հետեւանքով,Մեթիու Պրայզա ստիպուած եղաւ լքել Ազրպէյճանի մօտ դեսպանի իր պաշտօնը:
Նախագահ Օպամա անտեսեց Մայիս 2010-ին Ազրպէյճանի մօտ դեսպանի պաշտօնին համար իր կողմէ առաջադրուած թեկնածուին լուրջ թերութիւններուն մասին բազմաթիւ զգուշացումները: Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները Պրայզան կը մեղադրէին ազրպէյճանամէտ դիրքորոշում եւ ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ կասկածելի կապեր ունենալու համար: Ծերակուտականները անհանգստացած էին այն լուրերէն,ըստ որոնց` օտարերկրեայ որոշ պաշտօնեաներ շռայլ նուէրներ տուած էին Պրայզային,Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած անոր հարսանիքին ընթացքին,որուն Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը մասնակցէր իբրեւ խաչեղբայր: Բացի անկէ,դեսպանի թեկնածուին` ազգութեամբ թուրք կինը` Զէյնօ Պարան,կը մեղադրուէր Ուաշինկթընի հետազօտական կեդրոնէն ներս Կասպից ծովու ուժանիւթային հարցերուն ուղղութեամբ աշխատած ընթացքին` շահերու բախում ունենալուն մէջ: Պարան նաեւ զայրացուցած էր Ամերիկայի հայկական համայնքը` Ծերակոյտի ենթայանձնաժողովի նիստին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ վկայութիւն տալով:
Երբ նախագահ Օպամա այս մտահոգութիւնները լրջութեամբ չընկալեց,ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըր (Դեմոկրատական,Գալիֆորնիա) եւ Ռապըրթ Մենենտեզ (Դեմոկրատական,Նիւ Ճըրսի) այլ ելք չունեցան` Պրայզայի թեկնածութիւնը առկախելէ բացի: Այդպիսով անոնք խոչընդոտեցին Պրայզայի թեկնածութեան հաստատումը: Այնուհետեւ Օպամա խորացուց իր սխալը,երբ 2010ի վերջաւորութեան առանց Ծերակոյտի արտօնութեան,Պրայզան Ազրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակեց: Նախագահը ուշադրութիւն չէր դարձուցած այն հնարաւոր վնասին,որ կրնար հասնիլ ի՛ր իսկ հեղինակութեան,Միացեալ Նահանգներու վարկին եւ Միացեալ Նահանգներ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն,եթէ Ծերակոյտը չհաստատէր Պրայզայի թեկնածութիւնը նշանակման տուեալ տարուան ընթացքին` ստիպելով զայն լքել իր պաշտօնը եւ վերադառնալ Ուաշինկթըն:
Դեկտեմբեր 2011-ին,երբ դեսպան Պրայզայի ժամանակաւոր նշանակման ժամկէտը աւարտին մօտեցած էր,Օպամայի վարչակարգի պաշտօնեաները սկսան ճնշում բանեցնելու ծերակուտականներ Պաքսըրի եւ Մենենտեզի վրայ,որպէսզի վերջիններս հաստատեն Պրայզայի թեկնածութիւնը եւ թոյլ տան անոր շարունակել իր ծառայութիւնը Ազրպէյճանի մէջ: Երկու ծերակուտականները անդրդուելի մնացին Պրայզայի հարցով,թէեւ դեմոկրատ այս քաղաքական գործիչներուն համար դժուար էր մերժել Միացեալ Նահանգներու նախագահին խնդրանքը,մանաւանդ երբ վերջինս կը համարուի նաեւ իրենց կուսակցութեան առաջնորդը:
Ծերակուտականներուն վրայ ճնշում գործադրեցին նաեւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը եւ անոր լոպպիական հզօր կազմակերպութիւնները,որոնք սկսան աշխուժօրէն աշխատիլ,որպէսզի արդարացնեն իրենց վրայ ծախսուող հսկայական գումարները: Յատուկ կապերու շնորհիւ անոնք կրցան ձեռք ձգել այն,որ ՙՈւոլ Սթրիթ Ճուրնըլ՚ը եւ ՙՈւաշինկթըն Փոսթ՚ը խմբագրականներ տպագրեն ընդդէմ ծերակուտականներուն եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին,որ կը գլխաւորէր այս ոչ-ատակ դեսպանին դէմ քարոզարշաւը:
Զարմանալի չէր,որ ՙՈւոլ Սթրիթ Ճուրնըլ՚ը շռայլ գտնուեցաւ Պրայզան գովելու հարցին մէջ` զայն բնորոշելով իբրեւ ՙարտաքին ծառայութեան յարգանք վայելող յաջողակ պաշտօնեայ՚,եւ մեղադրելով ծերակուտականները ՙամերիկահայ լոպիի գերին՚ ըլլալու մէջ:
ՙՈւաշինկթըն Փոսթ՚ը աւելի՛ վիրաւորական ձեւով արտայայտուեցաւ: Թերթին խմբագրականը կարելի է բնորոշել իբրեւ բացայայտօրէն ցեղապաշտական եւ հակահայկական յօդուած: Հակառակ ՙՄիացեալ Նահանգներու ազգային շահերը՚ պաշտպանելու իր կոչին,թերթը պարզապէս փորձեց սատարել կասկածելի հաւատարմագիրներ ունեցող այդ դեսպանին թեկնածութեան,որ աւելի շատ կը վնասէր,քան կը նպաստէր Ամերիկայի շահերուն:
ՙՈւաշինկթըն Փոսթ՚ը աւարտած էր իր ամօթալի խմբագրականը` ՙքարիւղէ զուրկ՚ եւ ՙմեկուսացած՚ Հայաստանը մեղադրելով Պրայզայի հարցին մէջ պարտուող կողմը ըլլալուն համար: Կը յանդգնինք չհամաձայնիլ: Ասիկա Ամերիկայի խնդիրն է,եւ Հայաստանը ատոր մէջ որեւէ դեր չունի: Իրականութեան մէջ պարտուողները անոնք են,որոնք լոպպիական երկար եւ տքնաջան գործունէութիւն ծաւալեցին` այդ անատակ դեսպանին թեկնածութեան հաստատման համար,որ մտադիր էր ծառայել աւելի շատ Ուաշինկթընի մօտ Պաքուի,քան Ազրպէյճանի մօտ Ամերիկայի շահերուն:
Իմ կարծիքովս իրական պարտուողներն են.
1) Նախագահ Օպաման,որ ընտրած էր դեսպանի ոչ-ատակ թեկնածու մը եւ յամառօրէն կը փորձէր հասնիլ անոր թեկնածութեան հաստատման,երբ առաջին օրէն իսկ շատ պարզ էր,որ Պրայզան այդ պաշտօնին վրայ հաստատուելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունէր:
2) Ազրպէյճանի կառավարութիւնը,որ չափազանց մեծ գումար վատնեց լոպպիներու վրայ,որոնք երբե՛ք չկրցան լուծել իրենց առջեւ դրուած խնդիրը:
3) Ազրպէյճանական եւ թրքական կազմակերպութիւնները,ինչպէս օրինակ` Ազպէյճանական-Ամերիկեան Խորհուրդը,Ամերիկայի Ազրպէյճանական Ընկերութիւնը,Համա-թրքական Հաստատութիւնը,Ամերիկայի Ազրպէյճանցիներու Ցանցը եւ Թուրք-Ամերիկեան Ընկերակցութիւններու Համագումարը,որոնք բազմաթիւ մամլոյ հաղորդագրութիւններ տարածեցին եւ հազարաւոր ելեկտրոնային նամակներ ուղարկեցին Ծերակոյտին. ամբողջութեամբ ապարդիւն: Պաշտպանելով Պրայզան անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին,թէ վերջինս իրականութեան մէջ ՙիրենց մարդ՚ն էր,այլ ոչ թէ անաչառ դիւանագէտ:
4) ՙՈւոլ Սթրիթ Ճուրնըլ՚ը եւ ՙՈւաշինկթըն Փոսթ՚ը,որոնք դէմ ելան իրենց լրատուական սկզբունքներուն` ՙնաւթընկերներ՚ը գոհացնելու համար:
5) Միացեալ Նահանգներու նախկին 36 պաշտօնեաները,որոնք միացեալ նամակ մը ստորագրելով` հանդէս եկան Պրայզայի թեկնածութիւնը հաստատելու կոչով: Բացարձակապէս պատահական չէ,որ ստորագրողներուն մեծամասնութիւնը այսօր կապ ունի այնպիսի հետազօտական կեդրոններու եւ լոպիպիական կազմակերպութիւններու հետ,որոնք կը ֆինանսաւորուին Ազրպէյճանի կողմէ,կամ հետագային նման ֆինանսաւորումի մը ակնկալիքը ունին:
Այնուամենայնիւ յստակ է,որ երկու յաղթող կայ.
1) Ամերիկայի հայկական համայնքը,որ հնչեղ եւ յստակ ուղերձ յղեց Պաքուին,Անքարային եւ Ուաշինկթընին` ներկայանալով իբրեւ քաղաքական այնպիսի հզօր ուժ,որուն հետ պէտք է հաշուի նստիլ:
2) Մեթիու Պրայզան եւ անոր կինը,որոնք այժմ գործելով որպէս Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ լոպպիականներ կ’ակնկալուի,որ կրնան միլիոններ վաստակիլ` օգտուելով Պաքուի եւ Անքարայի մէջ իրենց ՙբարձրաստիճան՚ կապերէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
ՙԳալիֆորնիա Գուրիըր՚ թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
-
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՕՐԱԳԻՐ
ՏԱՐԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԵՔ
1 
1,503.501 
0.761 
388.691 քլկ. արծաթ
0.001 օնց. ոսկի
1,720.10ՏՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԴ





































