Թուրքիոյ ղեկավարները ամիսներ շարունակ կը սպառնային Ֆրան֊սայի հետ հաշուեյարդար տեսնել, եթէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինա֊գիծը:
Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններու, ի շարս որոնց` Հայոց Ցեղասպանութեան ալ ժխտումը պատժելի դարձնող օրինագծին Ծերակոյտին կողմէ վաւերացումը արդէն շաբաթ մը եղաւ, բայց թեր ու դէմ կարծիքներու պայքարը կը շարունակուի նոյն թափով:
Համագումարին պիտի մասնակցին միջազգային ճանաչում ունե֊ցող համալսարաններու Միջազգային օրէնքի ու ցեղասպանութեան մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրեալներ:
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ-ԻՆՉՊԷՍ ԱՅՍ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԿԱՅԷ-ԼՈԿ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԷ. Այս մասին մեր նախորդ յօդուածով (*) կը զգուշացնէինք մեր ընթերցողները կանխահասօրէն դիրք բռնելէ պետութեանց դէմ, անոնց ղեկավարներուն յաճախակի խոստմնադրժութեան պատճառով: