Համագումարին պիտի մասնակցին միջազգային ճանաչում ունե֊ցող համալսարաններու Միջազգային օրէնքի ու ցեղասպանութեան մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրեալներ:
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ-ԻՆՉՊԷՍ ԱՅՍ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԿԱՅԷ-ԼՈԿ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԷ. Այս մասին մեր նախորդ յօդուածով (*) կը զգուշացնէինք մեր ընթերցողները կանխահասօրէն դիրք բռնելէ պետութեանց դէմ, անոնց ղեկավարներուն յաճախակի խոստմնադրժութեան պատճառով:
Անցեալ տարի Լոս Անճելըսի Դաշնակցային դատարանը երկու առանձին հայց ներկայացուցած է` ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ անոր երկու մեծ դրամատուներուն, 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք հայերէն գրաւուած կալուածներուն դիմաց փոխ-հատուցում պահանջելով:
Տերսիմի իրադարձութիւններուն շուրջ Թուրքիոյ մէջ ծաւալող բանավէճերուն առընչութեամբ նշած էինք, որ այդ իրադարձութիւնները ոչ այլ ինչ են, քան ցեղասպանութիւն, ուստի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող տրամաբանութիւնը պիտի ժխտէր նաեւ Տերսիմի կոտորածները
Անցեալ շաբաթ մեծ խառնաշփոթ ստեղծուեցաւ թուրք հասարակութեան մօտ, երբ վարչապետ Էրտողան անսպասելիօրէն ներողութիւն խնդրեց 1930ական թուականներուն Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար, որոնց մասին մինչ օրս արգիլուած էր խօսիլ: